image

Հուլուսի Աքար ժամանակի գործօնին եւ պատերազմի վտանգնին մասին ակնարկներ կատարեց

Հուլուսի Աքար ժամանակի գործօնին եւ պատերազմի վտանգնին մասին ակնարկներ կատարեց

Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորումը նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ կովկասեան տարածաշրջանի համար, ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը։ TRT World-ի համար յօդուածին մէջ թուրք պաշտօնեան յոյս յայտնած է, որ «պատմական թշնամանքներու վերացումը ճանապարհ կը հարթէ տեւական բարեկամութեան եւ համագործակցութեան համար»:

«Սակայն մենք պէտք է նկատի ունենանք ստեղծուած նուրբ իրավիճակը։ Չնայած հակամարտութիւնը ներկայիս սառեցուած է, ռազմական գործողութիւններու մէջ նորէն իյնալու վտանգը կը մեծնայ, որքան երկար ժամանակ պահանջուի համաձայնագիրը (նկատի ունի հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման համաձայնագիրը) կնքելու համար», -ըսած է ան:

Աքարի խօսքով՝ երկու «խնդիր» Անգարան եւ Երեւանը խանգարած է բնականոն յարաբերութիւններ զարգացնել Խորհրդային Միութենէն Հայաստանի անկախացումէն ի վեր։ Անոնցմէ մէկը, ըստ անոր, առաջին Արցախեան պատերազմն էր, միւսը՝ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարբեր տեսակէտները:

Աքարի խօսքով՝ Թուրքիան հաւատարիմ կը մնայ այն համոզման, որ թուրք եւ հայ ժողովուրդները, որոնք «հանդուրժողականութեան եւ խաղաղութեան մէջ ապրելու երկար պատմութիւն ունին», կրնան յարաբերութիւններ հաստատել բարեկամութեան եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան վրայ՝ հակառակ մարտահրաւէրներուն։

«Եթէ տարածաշրջանի եւ անկէ դուրս գտնուող երկիրները որոշեն ներդրումներ կատարել խաղաղութեան համար, ապա քաղաքական եւ տնտեսական շահաբաժինները մեծ կ'ըլլան ամբողջ տարածաշրջանի համար: Թուրքիան կը ցանկար, որ երրորդ երկիրները, ներառեալ Արեւմուտքի մէջ իր դաշնակիցները, կամ օգնէին այս նոր ըմբռնման, կամ գոնէ զգուշանային պատմական վէճը քաղաքականացնելու եւ ռազմական գործողութիւնները յաւերժացնելու ջանքերէն», -ըսած է ան: