«Կացութիւնը նոյնն է, անընդհատ հարուածներու ձայներ եւ կրակոցի ձայներ», այսօր այս մասին «Արեւելք»ին պատմեց Սուտան ապրող մեր հայրենակիցը։
Ան նաեւ նշեց, որ գերակայ դարձած է ջուրի եւ ելեկտրականութեան խնդիրը եւ իրենք նոյնիսկ հեռախօսները լիցքաւորելու խնդիր ունին։
«Մեր բոլոր հայրենակիցները մինչեւ այս պահը ապահով են։Անոնք բոլորն ալ իրենց տուներէն դուրս չեն գար եւ բոլորն ալ կը սպասեն, որ հրադադար հաստատուի...»։
Մեր խօսակիցը նաեւ յայտնեց, որ Խարթում քաղաքի կեդրոնական բոլոր շրջաններուն մէջ տեղի կ՚ունենան ծանր բախումներ. Այս առումով ալ ան մեզի պատմեց, որ «քաղաքը դարձած է ամայի ու նկատելի է, որ մեծ գողութիւններ կը կատարուին։Զինեալներ կը թալանեն մասնաւորապէս ուտելիքի վաճառատուներ ու չի բացառուիր, որ այլ խանութներ ալ թալանի կ՚ենթարկուին։ Իրավիճակը ժամ առ ժամ կը վատթարանայ եւ չենք գիտէր, թէ ինչ հունով պիտի զարգանան դէպքերը»։
Նշենք, որ Սուտանի մէջ կ՚ապրին շուրջ 15 հայրենակիցներ, որոնք բոլորն ալ ըստ վերջին տուեալներուն կը շարունակեն թաքնուիլ իրենց բնակարաններուն մէջ։
Աւելի վաղ յայտարարուած էր, որ Սուտանի մէջ հակամարտող երկու ուժերը՝ Սուտանի ազգային բանակը, եւ «Թատախոլ սարիհ» անունով յայտնի միլիցը որոշած էին հրադադար յայտարարել, սակայն այսօր առաւօտեան ժամերէն ի վեր բախումները դարձեալ սաստկացած են մասնաւորապէս մայրաքաղաք Խարթումի կեդրոնական շրջաններուն մէջ։
Առողջապահական մարմիններ կը յայտնեն, որ մինչեւ այս պահը զոհուած է աւելի մարդ եւ կան հազարաւոր վիրաւորեալներ, իսկ մայրաքաղաքէն խոյս տալու թիւերը ժամ առ ժամ կ՚աճին։
«Հոսանք չունինք, ջուր չունինք եւ բոլոր ս մեր տուներուն մէջ ապաստանած ենք» Սուտանի Arevelk.am-ի աղբիւր @arevelk1 pic.twitter.com/AytTgTSZbg
— arevelk.am (@arevelk1) April 21, 2023