Իրանի զինուած ուժերու հետ համակարգման եւ տեխնիկական սահմանափակումներու քննարկման պարագային Հորմուզի նեղուցով անվտանգ անցումը հնարաւոր պիտի ըլլայ երկու շաբթուան ընթացքին։ Այս մասին X-ի իր էջին միջոցաւ յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին ապրիլ 8-ին՝ Իրանի, ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի միջեւ ժամանակաւոր հրադադարի մասին յայտարարութենէն ետք։
Ան ըսած է, որ եթէ Իրանի դէմ յարձակումները դադրեցուին, Իրանի «հզօր զինուած ուժերը պիտի դադրեցնեն իրենց պաշտպանական գործողութիւնները»։
Իրան ապրիլ 8-ին երկշաբաթեայ հրադադարի համաձայնութեան հասած է Միացեալ Նահանգներու հետ, իսկ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը յայտարարած է, որ Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները պիտի սկսին Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ ապրիլ 10-ին՝ Թեհրանի 10 կէտանոց առաջարկի հիման վրայ։
Արաքչին գովաբանած է Փաքիստանի վարչապետ Շեհպազ Շարիֆը եւ բանակի ընդհանուր սպայակոյտի պետ Ասիմ Մունիրը՝ «տարածաշրջանին մէջ պատերազմը դադրեցնելու իրենց անխոնջ ջանքերու համար»։
Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդն ապրիլ 8-ի վաղ առաւօտեան յայտարարած է, որ երկիրը ստիպած է Միացեալ Նահանգներուն ընդունիլ պատերազմը դադրեցնելու իր 10 կէտանոց ծրագիրը։
ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր հերթին յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ն Իրանի հետ հրադադարի համաձայնագրէն ետք «լիակատար եւ ամբողջական յաղթանակ» տարած է։
Յայտարարութիւնը հրապարակուած է այն բանէ ետք, երբ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ համաձայնած է «երկու շաբաթով դադրեցնել Իրանի ռմբակոծութիւնն ու յարձակումը»։
Թրամփ երեքշաբթի օր Truth Social-ի էջին գրած է, որ իր որոշումը կախուած է Իրանի կողմէ «Հորմուզի նեղուցի լիակատար, անյապաղ եւ անվտանգ բացման» համաձայնութենէն։
Փետրուար 28-ին Իսրայէլը եւ Միացեալ Նահանգները համատեղ յարձակումներ կատարած են Թեհրանի եւ քանի մը այլ իրանական քաղաքներու վրայ, որու հետեւանքով սպանուած է Իրանի այն ժամանակուան գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէին, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան զինուորական հրամանատարներ եւ քաղաքացիական անձինք։ Իրանը պատասխանած է՝ հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներ հասցնելով Իսրայէլին եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գտնուող ԱՄՆ ռազմակայաններուն։ Միեւնոյն ժամանակ, այն խստացուցած է վերահսկողութիւնը Հորմուզի նեղուցի նկատմամբ՝ արգիլելով Իսրայէլին եւ Միացեալ Նահանգներուն պատկանող կամ ատոնց հետ կապուած նաւերու անվտանգ անցումը։
Իսրայէլ հրադադարէն ետք կը շարունակէ հարուածել Լիբանանը։