image

Հոլանտացի պատմաբան մը ետ կը վերադարձնէ թրքական շքանշանը

Հոլանտացի պատմաբան մը ետ կը վերադարձնէ թրքական շքանշանը

Հոլանտայի Լայտըն համալսարանի պրոֆեսոր, յայտնի թուրքագէտ Էրիք Եան Զուրխըրը քննադատական յօդուած հրապարակած է Թուրքիոյ մասին: Այս մասին կը գրէ «Cumhuriyet» պարբերականը, նշելով, որ Զուրխըր կը վերադարձնէ Թուրքիոյ նախկին արտգործնախարար Ապտուլլահ Կիւլէնէն՝  Թուրքիոյ մասին գիտական աշխատանքներ կատարելու համար 2005թ. իրեն շնորհուած «պատուոյ մետալ»ը:

Այդ ժամանակ կատարած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքով, Զուրխըր եկած էր այն եզրակացութեան, որ Թուրքիան մօտ է Եւրամիութեան անդամագրուելուն: Սակայն վերոնշեալ յօդուածին մէջ, որ  հրապարակուած է հոլանտական «NRC» կայքի էջին, Զուրխըր քննադատած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (AKP) կուսակցութեան` իրենց վարած քաղաքականութեան համար: Թուրքագէտը նշելով, որ այժմ Թուրքիոյ շարք մը ոլորտներու մէջ կը տիրէ ազատութեան սահմանափակում, շեշտած է, որ այժմեան Թուրքիան արդէն չի կրնար Եւրոպայի մաս կազմել: Որպէս ապացոյց իր խօսքին՝ Զուրխըր առաջ քաշած է այն փաստը, որ ներկայ Թուրքիոյ  քաղաքականութիւնը, դատաիրաւական համակարգը, մետիան, համալսարանները, քաղաքացիները դարձած են Էրտողանի ձեռքի խաղալիքը:

Ըստ փրոֆէսորին` 12 տարի առաջ Եւրամիութեան անդամակցութեան ուղենիշէն Թուրքիան իր ներկայիս քաղաքականութեամբ՝  հեռացած է: Այժմ երկրի մէջ կը նկատուի իսլամի աճի միտումներ: Թուրքիոյ այսօրուան քաղաքականութիւնը ան որակած է որպէս «բռնապետութիւն»: