image

«Հոգիները պարպել նախանձէ, չարութիւնէ եւ ատելութիւնէ». Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի գրառումը

 «Հոգիները պարպել նախանձէ, չարութիւնէ եւ ատելութիւնէ». Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի գրառումը

Ամերիկահայ  ազգային-քաղաքական գործիչ՝  Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝

 

Մօտ երկու շաբաթ առաջ, գոհունակութիւնը ապրեցայ երբ Արամ Վեհափառի ձեռամբ պարգեւատրուեցայ «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով՝ տասնամեակներու վրայ երկարող ազգային-համայնքային գործունէութեանս առ ի գնահատանք, որուն համար երախտապարտ եմ Վեհափառ հօր եւ պատկան մարմիններուն։ 

Ինչ խօսք որ նշուած ծառայութիւնը կարելի պիտի չ՚ըլլար իրագործել առանց ընտանիքիս զօրակցութեան, բայց նաեւ ու մանաւանդ գործակից ազգայիններու եւ գաղափարակից ընկերներու գործակցութեան։ Շատ մը իմաստներով, ստացած գնահատանքս կը պատկանի գործակիցներուս։ 

Որքան ալ որ տարիներու ընթացքին մենք մեզ համոզենք, թէ ծառայական աշխատանքը շքանշանի կամ գնահատանքի համար չէ որ առաջ կը տանինք, ստած կ՚ըլլամ եթէ չնշեմ թէ գնահատելն եւ գնահատուիլը կը նկատեմ որպէս կարեւոր բաղադրիչներ կամաւոր ծառայութիւն քաջալերելու համար։ Հետեւաբար, մաղթանքս է որ շատեր, շատ-շատեր գնահատուին իրենց ծառայութեան համար, մաղթանքս է որ սորվինք առատօրէն գնահատել, ու գնահատել ազգայիններ յատկապէս իրենց կենդանութեան։

Ինքզինքիս պիտի չներեմ, եթէ այստեղ նաեւ չ՚արձանագրեմ, թէ պարզապէս կը խղճամ այն տառապող հոգիներուն համար որոնք կ՚անհանգստանան երբ կը վկայեն այլոց պարգեւատրումն ու գնահատանքի արժանանալը։ Կը մաղթեմ որ այդպիսիները յաջողին իրենց հոգիները պարպել նախանձէ, չարութիւնէ եւ ատելութիւնէ, որպէսզի կարենան ապրիլ աւելի խաղաղ խղճով, եւ որպէսզի դրական լիցք կարենան հաղորդել իրենց շրջապատին։