Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով Իրանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի լոյսի նորքոյ յայտարարած է, որ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան աննախադէպ աճ կը նկատուի:
Այս մասին հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթին»:
«Այժմ, իրօք, մենք կը տեսնենք լարուածութեան աննախադէպ աճ տարածաշրջանին մէջ»,-ըսած է լրագրողներուն՝ պատասխանելով համապատասխան հարցին: