Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան դիմագրաւած խնդիրներուն մասին երկար ժամանակէ ի վեր չեմ գրած։ Հայկական ընդհանուր համայնապատկերին մէջ այս Սուրբ Աթոռի խնդիրը (որ նուիրապետական մեր չորս աթոռներէն մին է) կը շարունակէ պահել իր հրատապութիւնը, սակայն կարգ մը տխուր եղելութիւններ կերպով մը ստիպեցին, որ հեռու պահեմ գրիչս Պատրիարքարանի շուրջ ընթացող զարգացումներէն։
Առկայ խնդիրները կը շարունակեն մնալ անլոյծ ու մտահոգիչն այն է, որ «Կովերու պարտէզ»ի տագնապէն բացի Միաբանութեան գլխավերեւը կուտակուած են աւելի մոխրագոյն ամպեր, որոնք երեւելի դարձած են Երուսաղէմի քաղաքապետարանի ներկայացուցած պահանջներէն ասդին։
Խօսքը եկամտահարկերու «պատմութեան» մասին, որ նոր խնդիր մը չէ, բայց եւ այնպէս այն «պայթած» է այս օրերուն ու անկէ բխող լուրջ սպառնալիքներ կան Երուսաղէմի «հայկական թաղամաս» անունով յայտնի ու միաբանութեան (կամ Պատրիարքութեան) վանապատկան կալուածներուն վերաբերեալ։ Ինչպէս այլ առիթներով ալ գրած եմ, այսօր հրատապ կը շարունակէ մնալ Պատրիարքարանի գործելաոճին վերանայման հիմնահարցը, որուն դիմաց սակայն փակ կը շարունակեն մնալ Պատրիարքարանի խնդիրները լուծելու կոչուած միաբաններուն ականջները։
Լուրջ խնդիր կայ համակարգումի, լուրջ խնդիր կայ արդիականութեան ու նաեւ լուրջ խնդիր կայ հանրութեան հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու տեսակէտէ։ Ու այստեղ է անշուշտ, որ հարց կը ծագի, թէ ինչու միայն սքանտալային կերպով եղած տնօրինումները հանրութեան «բաց» կերպով պիտի ներկայացուին։ Կամ ըսենք «Կովերու պարտէզ»ի կասկածելի համարուած գործարքը, որ այսօր Պատրիարքարանի «խնդիրներու խնդիր»ն է, ինչո՞ւ հանրութեան պիտի ներկայացուի պարզապէս այդ համաձայնութեան ներքոյ Ամեն. Տ. Նուրհան Պատրիարքի կանաչ մելանով եղած ստորագրութեան երեւումէն ետք... Աւելին ըսեմ, ինչո՞ւ բաւական տհաճ մթնոլորտի մը մէջ Հայր Պարէտ ծ.վրդ. Երէցեանը վանքէն պիտի վտարուի (վտարումը ծայր աստիճան վիրաւորական ու խայտառակութեան հասնող ոճով մը) ու այդ վճիռին մասին հասարակութիւնը պիտի իմանայ միայն «ըսի-ըսաւ»ներու ձեւաչափով....։
Դրուած հարցադրումները կը խօսին համակարգային խոցելիութեան մը մասին, որ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռին մէջ կը տիրէ երկար տարիներէ ի վեր ու նոյն այս անկազմակերպ վիճակին արգասիքը եղած է տարիներ առաջ հայկական օրակարգը ատենով մը իրմով «զարդարած» վանքի մատենադարանէն «թալանուած» պատմական ձեռագիրներու հարցը,որ մինչեւ օրս կը շարունակէ մնալ Երուսաղէմի հարցերով զբաղող պատմաբաններու ուշադրութեան կեդրոն։
Ի վերջոյ բոլոր այս խնդիրները կրնան լուծումներու յանգիլ եւ կրնան լուծուիլ միայն այն ժամանակ, երբ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռն ու անոր գահակալն ու գահակալ Պատրիարքի շուրջ գոյացած «սեղմ օղակ»ի միաբանները քաջութիւնը ունենան անկեղծ ըլլալու նախ եւ առաջ Միաբանութեան, ապա սաղիմահայութիւնը ու անկէ ետք ալ ամբողջ հայ ժողովուրդին հետ։
Տ. Նուրհան Պատրիարքէն ի՞նչ ակնկալենք
Ի դէպ այսօր օրերուն բաւականին բարդ վիճակի մը մատնուած է Երուսաղէմ ի Հայ Պատրիարքը (Հայ թէ Հայոցն ալ ուրիշ բաւական լուրջ նիւթ է, որուն մասին կ կարելի է գրել այլ առթիւ)։Ուրեմն չէր բաւէր «Կովերու պարտէզ» անունը կրող հողատարածքի տագնապը, այսօր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը կանգնած է նոր խնդրի մը առջեւ։
Երկար տարիներու ընթացքին Երուսաղէմի քաղաքապետարանին կողմէ սահմանուած եկամտահարկը կուտակուած է եւ հասած է մեծ գումարներու։
Պատրիարքարանը, որուն պարտականութիւնն է այդ պարտքերու մարումը կատարել ինչ-ինչ պատճառներով թերացած է ու այդ թերացման դիմաց քաղաքապետարանը օրինական ճանապարհով ու դատարանով գումարի դիմաց կը պահանջէ ի պահ առնել, (կամ բռնակցել) Պատրիարքութեան պատկանող կարգ մը տարածքները (Ցայժմ չի նշուիր, որ խօսքը, որ տարածքներուն մասին է)։
Այս վիճակին մէջ «արթննալով» վանաբնակ միաբաններ՝ Կալուածոց Տեսուչ եւ Դիւանապետ այցելած են Երուսաղէմի Պապական նուիրակին, պատմած են անոր եղելութեան մասին, իսկ իր կարգին, ամիսներէ ի վեր «քար լռութիւն» պահող- պահպանող Ամեն. Տ. Նուրհան Պատրիարքը դիմած է Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուին (նամակով մը դիմած է, իր մօտ երթալու եւ հետը հանդիպելու փոխարէն)։ Քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներն ալ արձագանգած են ու դատապարտած քաղաքապետարանի որոշումը։
Եթէ քաղաքապետարանին «յաջողուի» այդ հողերու կցումը իրականացնել, ապա Պատրիարքարանի իրավիճակը աւելիով պիտի բարդանայ ու տկարանան անոր դիրքերը, որ առանց ատոր ալ կը գտնուի դժուարին վիճակներու մէջ։ Հոս անշուշտ հիմնական հարցադրումը կը տրուի, թէ ինչո՞ւ հիմա եւ ինչո՞ւ այս փուլին Երուսաղէմի քաղաքապետարանը այս որոշումին անցաւ, ինչո՞ւ հիմա եւ ի՞նչ պայմաններու բերումով քաղաքապետարանը նման որոշում մը առաւ (Բնականաբար ունենալով երկրի քաղաքական վերնախաւին նեցուկը) եւ ի վերջոյ ինչո՞ւ հիմա, եւ ի՞նչ պատճառներով քաղաքապետարանը թիրախ կը դարձնէ Հայոց Պատրիարքարանը , վանքն ու միաբանութիւնը։ Այս բոլորէն բացի կարեւոր հարցումներ կան նաեւ Պատրիարք Սրբազանին, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակէ լռութիւն պահել «Կովերու պարտէզ»ի խնդրով։ Հարցումները այստեղ պիտի չթուարկեմ, սակայն կուզեմ փաստել երկու կարեւոր բան. առաջին, որ Պատրիարքարանի Կալուածոգ նխակին Տեսուչ Գերպ. Հայր Պարէտ ծ.վրդ.ին դէմ գործուած՚ «վճիռ»ով Պատրիարքը չկարողցաւ լուծել «Կովերու պարտէզ»ի խնդրայարոց հարցը։ Երկրորդ Իսրայէլի քաղաքապետարանին կողմէ հրապարակուած վճիռը, երբեք պատահական չէ…։Երրորդ Պատրիարքին կողմէ Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահուն դիմելը, ոչ մէկ կերպ պիտի լուծէ քաղաքապետարանի կողմէ մէջտեղ հանուած խնդիրն ու տարածքի բռնակցումի օրակարգը։ Չորրորդ Նուրհան Պատրիարքը պարտաւոր է հրապարակաւ խօսիլ իր ունեցած առաջարկ- լուծումներուն մասին։ Հինգերրորդ եւ վերջին Պատրիարքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին խոստացած էր արագօրէն լուծել «Կովերու պարտէզ»ի խնդիրը ու յստակ չէ մեզի համար, թէ ինչո՞ւ անկարողութիւն կը դրսեւորէ այդ առումով ու աւելին յստակ ալ չէ, թէ ինչ կը ծրագրէ ընել… ։ Այնպէս, որ այս եւ գալիք օրերը «քննութեան» նոր օրեր են Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքին համար …։
Աւարտելու համար ըսեմ, որ հակառակ անոր, որ Միաբանութեան կից կանգնած իմ աղբիւրները մինչեւ այս պահը չեն «վճռէր», որ քաղաքապետարանին կողմէ «մէջտեղ հանուած» հարցը կապ մը ունի «Կովերու պարտէզ»ի հարցին հետ, սակայն անոնք միեւնոյն ժամանակ, «կապ մը» կը տեսնեն մէկ կողմէ քաղաքապետարանի մօտեցումներուն ու «վճառակամութեան» եւ միւս կողմէ «Կովերու պարտէզ»ի շահառու իսրայէլացի կողմին Պատրիարքարանին ուղղութեամբ կազմակերպուած «հակա-գրոհ»ին հետ։
Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռը միայն Ամեն. Նուրհան Պատրիարքի կամ միաբանութեան «սեփականութիւն»ը չէ, այն կարեւոր է ամբողջ հայութեան համար եւ այդ Աթոռին մասին հարկ է մտածել, գործել ու զայ՛ն պահպանել «աչքի լոյս»ի պէս։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս