image

«Հայաստանի ճամբաներով». հայկական երաժշտութեան նուիրուած համերգ Փարիզի

«Հայաստանի ճամբաներով». հայկական երաժշտութեան նուիրուած համերգ Փարիզի

25 Յունուարի երեկոյեան, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան բարձր հովանիին ներքեւ, Փարիզի պատմական Մարէ թաղամասի հնամենի Սենթ Մերի եկեղեցւոյ կամարներուն տակ տեղի ունեցաւ հայկական երաժշտութեան նուիրուած եզակի համերգ մը՝ «Հայաստանի ճամբաներով» խորագրով։ 

Արուեստի եւ գրականութեան շքանշանակիր, դաշնակահարուհի Լիտի Պարգեւի ազնիւ նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած այս տօնական ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Խաչատրեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ րանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկ. Խաչատրեան եւ Ֆրանսայի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Եղիա եպիսկ. Եղիայեան։ 

Երեկոյթի ընթացքին դաշնակահարուհի Լիտի Պարգեւ, սոփրանօ Քրիսթին Մենտէզ, մեցցօ-սոփրանօ եւ դաշնակահարուհի Լիւսի Տէրոյեան, ինչպէս նաեւ պարիթոն-պաս Ատամ Պարօ, ֆրանսացի երաժշտասէր ունկնդիրներուն հրամցուցին հայ երաժշտութեան գոհարները։ Հնչեցին Կոմիտաս Վարդապետի, Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Պապաճանեանի, Մակար Եկմալեանի եւ այլ մեծանուն հայ երգահաններու ընտիր ստեղծագործութիւնները՝ ունկնդիրը առաջնորդելով դէպի հայոց լեռներն ու հոգեւոր աշխարհը։

Համերգը աւելի եւս ճոխացաւ գեղարուեստական խօսքով. Անթոնի Քոնլոն ասմունքի միջոցաւ ներկայացուց հայ գրականութեան հսկաներու՝ Հայաստանին ձօնուած սրտառուչ քերթուածները՝ միաձուլելով երաժշտութիւնն ու բանաստեղծութիւնը մէկ ամբողջութեան մէջ։