Միացեալ Նահանգներու քաղաքական վերնախաւին աւանդոյթ դարձած եւ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Ազգային Աղօթքի 74-րդ նախաճաշին հարիւրաւոր հրաւիրեալներու կողքին ներկայ եղած է նաեւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ համայնքապետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։
Հինգշաբթի, 5 Փետրուար 2026, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Ազգային Աղօթքի 74-րդ Նախաճաշին։ Այս պատմական տարեկան հաւաքը կը համախմբէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամները, երկրի նախագահը եւ միջազգային հիւրեր՝ աղօթքի եւ հոգեւոր խորհրդածութեան շուրջ։
Ազգային Աղօթքի Նախաճաշը կը կազմակերպուի ամէն տարի 1953-էն ի վեր եւ աւանդաբար կը գումարուի Փետրուար ամսուան առաջին Հինգշաբթի օրը։
Այս տարուան նախաձեռնութիւնը համանախագահուեցաւ Մեծարգոյ Տիար Ճոնաթան Ճեքսընի եւ Մեծարգոյ Պարոն Պէն Քլայնի կողմէ։ Ծրագիրը բացուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Պալատի երգչախումբի երաժշտական կատարումով, որուն յաջորդեցին համանախագահներուն ողջոյնի խօսքերը։
Բացման աղօթքը մատուցուեցաւ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան նախագահ, Նորին Գերազանցութիւն Ֆելիքս Անթուան Ճիսէքէթի Չիսելոմպոյի կողմէ։ Սուրբ Գիրքի ընթերցումը կատարեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան քարտուղար, Մեծարգոյ Պարոն Փիթ Հեքսեթ, իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը ներկայացուց տիկին Փօլա Ուայթը՝ նախագահին յատուկ խորհրդատուն։
Երաժշտական բաժինը հարստացուց աշխարհահռչակ երաժիշտ Մայքլ Սմիթ։ Գլխաւոր ելոյթը ներկայացուց երգիչ-երգահան եւ ռէփ կատարող Ճելի Ռոլը՝ Թենըսի նահանգի կուսակալ, Մեծարգոյ Պարոն Պիլ Լիի ներկայացումէն ետք։
Վեր. Դոկտ. Սելիմեանի մասնակցութիւնը Ազգային Աղօթքի Նախաճաշին հնարաւորութիւն ընձեռեց միանալու ամերիկեան եւ միջազգային առաջնորդներուն՝ աղօթքի եւ խորհրդածութեան մէջ, ինչպէս նաեւ հաղորդակցելու նախաձեռնութեան մասնակիցներուն հետ խաղաղութեան, հաշտեցման եւ պատերազմի ու անկայունութեան հետեւանքով տուժած համայնքներուն հանդէպ շարունակական զօրակցութեան կենսական կարեւորութեան շուրջ, յատկապէս Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ։


