Աթէնքի մէջ կայացած է Վահագն Խաչատուրեանի եւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահի հանդիպումը։
Նիքիթաս Քաքլամանիսը, ողջունելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, նշած է, որ Յունաստանը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը։
«Այսօր մենք ուրախութեամբ կը հիւրընկալենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Յունաստանի խորհրդարանէն ներս։ Սա շատ լաւ առիթ է՝ քննարկելու երկկողմ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։ Կը վերահաստատենք Յունաստանի աջակցութիւնը Հայաստանին։ Բոլոր արդար պահանջները, զորս պիտի ներկայացնէ Հայաստանը, պիտի արժանանան Յունաստանի աջակցութեան», ըսած է Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը։
Երկու երկիրներու գործակցութիւնը զարգացնելու եւ ամրապնդելու գործին մէջ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը ընդգծած է նաեւ հայ համայնքի դերը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, նշած է, որ Հայաստանի եւ Յունաստանի յարաբերութիւնները պատմականօրէն կարեւոր նշանակութիւն ունեցած են։
Անոր խօսքով՝ Հայաստանի անկախութենէն ետք այդ յարաբերութիւնները բաւական արագ զարգացում ապրած են։
«Մեր երկկողմ յարաբերութիւններն առաւել կարեւորւում են այս ժամանակաշրջանում, երբ Հայաստանը փորձում է տարածաշրջանում հաստատել խաղաղութիւն։ Ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել Հունաստանի իշխանութիւններին Հայաստանին ցուցաբերած աջակցութեան համար, յատկապէս մեր երկրի համար դժուարին իրավիճակում»,-ըսած է ՀՀ նախագահը։
Վահագն Խաչատուրեանն ընդգծած է, որ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահի հետ հանդիպումն ընդգրկուն օրակարգ ունի։