image
Հրատապ լուրեր:

Հրդեհ Երեւանի մէջ. Կայ տուժած

Հրդեհ Երեւանի մէջ. Կայ տուժած

Օգոստոս 18-ին՝ ժամը 10։54-ին, Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւան քաղաքի Նար-Դոս փողոցի շէնքերէն մէկու 10-րդ յարկի բնակարաններէն մէկուն մէջ հրդեհ բռնկած է։ Այս մասին յայտնած են ՆԳՆ փրկարար ծառայութենէն:

Դէպքի վայր մեկնած է ՆԳ նախարարութեան փրկարար ծառայութեան Երեւանի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն չորս մարտական հաշուարկ եւ ինքնաշարժ-սանդուղք։

Հրշէջ-փրկարարներու գործողութիւններու շնորհիւ հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 11։30-ին։

Նախնական տուեալներով՝ մէկ անձ տուժած է։

Հրդեհի կապակցութեամբ պիտի տրուի լրացուցիչ տեղեկութիւն: