image

Հրդեհ՝ Երեւանի Խանջեան փողոցին վրայ. Կայ մէկ զոհ

  Հրդեհ՝ Երեւանի Խանջեան փողոցին վրայ. Կայ մէկ զոհ

Այս առաւօտ հրդեհ մը գրանցուած է Երեւանի Խանջեան փողոցին վրայ գտնուող շէնքերէն մէկուն բնակարանին մէջ։

 

 

 Այս մասին կը գրէ՝ «Այսօր.ամ» կայքը։

Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ հրդեհին հետեւանքով եւ ծանր այրուածքներու պատճառով մահացած է մէկ քաղաքացի։

 

 

 Քաղաքացին եղած է 1936  թուականի ծնունդ եւ ամբողջութեամբ այրուած եղած է անոր անկողինը ու մահճակալը։

 

 

 Պիտի կատարուի հետաքննութիւն։