image

Հրատապ. Սոթքի մէջ ունինք 2 զոհ

Հրատապ. Սոթքի մէջ ունինք 2 զոհ

Սոթքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու կրակի հետեւանքով հայկական կողմն ունի 2 զոհ, 1 վիրաւոր: Այդ մասին յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Զոհուած զինծառայողների տուեալները, ինչպէս նաեւ վիրաւոր զինծառայողի առողջական վիճակի մասին պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն կը հրապարակի աւելի ուշ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Աւելի վաղ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը հաղորդած էր, որ 1 սեպտեմբերին՝ ժամը 07:50-էն սկսեալ, հակառակորդը բուռն կրակ բացած է Սոթքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։ Ատրպէյճնի Զինուած ուժերը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ զատ, կը կիրառէ նաեւ ականանետ։

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է 3 ատրպէյճանցի զինծառայողի վիրաւորուելու մասին։ Ըստ հակառակորդի՝ հայկական կողմը կիրառած է հարուածային ԱԹՍ։