image

Հրանդ Տինքի յիշատակը՝ Arevelk.amի էջերով

  Հրանդ Տինքի յիշատակը՝ Arevelk.amի էջերով

 

 

 Հրանդ Տինքի յիշատակը՝ Arevelk.amի էջերով 

 

 

 

 19 Յունուարը ձեւով մը դարձած է հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն ՝ Հրանդ Տինքի յիշատակի օրը։

 

 Այսօր մասնաւորապէս Պոլսոյ մէջ կը նշուի անոր յիշատակը եւ սպաննութեան ժամուն ալ յետմիջօրէի ժամերուն Հրանդի յիշատակը յարգող հանրութեան կարեւոր մէկ մասը կը հաւաքուի իր ձեռքերով հիմնադրուած Թաքսիմ շրջանի մէջ գտնուող «Ակօս»ի խմբագրատան դիմաց, ուր մահացու գնդակներ ստացաւ գրիչով պայքարին հաւատացող՝ Հրանդ Տինքը։

 

 Բազում իմաստներով հագեցած այս օրը կը նշենք նաեւ մենք ՝ «Արեւելք»ցիներս ու այս առթիւ ալ այսօր յատուկ թողարկումներ պիտի տանք լոյսին։

 

 Այսօրուան մեր թիւով Հրանդ Տինքի  յիշատակը ոգեշնչող յօդուածներ ունին Արժանթինահայ մտաւորական եւ դասախօս Դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան,  «ՅՈՒՍԱԲԵՐ»ի խմբագիր՝ Զաւէն Լիլոզեան, մեր պաշտօնակից ՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Արա Գոչունեան եւ «Արեւելք»ի հիմնադիր՝ Սագօ Արեան։

 

 Այսօր նոյնպէս յատուկ տեղ պիտի տանք  Հրանդի հեղինակած « Երկու մօտ ժողովուրդ, երկու հեռու հարեւան» հատորէն   (արեւմտահայերէնի վերածուած)  որոշ կարեւոր հատուածներու,  ընթերցող հանրութեան  ներկայացնելու  անոր մտքերն ու  գաղափարները։

 

 

 

 Հրանդ Տինքի յիշատակը անմեռ է, ան անմահ է, իսկ անոր թողած ժառանգութիւնը  բարութեամբ լեցուած մարդկութեան մը առաջին շողն է։ 

 

 Յարգանք իր վաստակին եւ հանգիստ ՝ իր ոսկորներուն։

 

 

Լուսանկարը՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի ոսպնեակէն։ 

 

 «Արեւելք»