Հնդկաստանը դէպի Հայաստան օդային միջանցք պիտի ստեղծէ` ռազմավարական կարեւորութեան արտահանումներու համար: Այդ մասին յայտնած է օդատիեզերական պաշտպանութեան նորութիւններու՝ հնդկական IADN լրատուամիջոցը։
«Հնդկաստանը օդային միջանցք պիտի ստեղծէ դէպի Հայաստան՝ ռազմավարական կարեւորութեան արտահանման նպատակով։ Այդ պիտի ամրապնդէ Հնդկաստանի եւ Հայաստանի միջեւ կապի միջոցները եւ բեռնափոխադրութիւնը»,- գրած է կայքը։
Այս նպատակով HAL-ը (օդատիեզերական եւ պաշտպանական ընկերութիւն) եւ CONCORD-ը (լոճիսթիք ընկերութիւն) ստեղծած են HALCON համատեղ աշխատանքային խումբ։