image

Հիմա Ի՞նչ/ Հրայր Կարապետեան

Հիմա  Ի՞նչ/ Հրայր Կարապետեան

Յատկանշական տարի մըն էր անկասկած այս անցնող տարին։ Ամիսներ առաջ ազգովին եւ մեծ շուքով նշեցինք Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցը։ Խորունկ երկիւղածութեանբ յարգեցինք յիշատակը մեր բիւրաւոր նահատակերուն, որոնք ինկան որպէս մարդ-գազանի վայրագութեան զոհեր, դարձան աշխարհի նոր պատմութեան գիրքին յառաջաբան, որուն էջերը մինչեւ այսօր կը լրացուին մարդկային դաժանութիւնը պատկերող սահմռկեցուցիչ էջերով։

Նշեցինք ցաւն ու մորմոքը մեր սիրտերուն մէջ՝ նշեցինք ինչպէս պատշաճ էր, նոյնիսկ բացառիկ ծրագրաւորումով ու կատարմամբ, որուն համար անկասկած բարձր պիտի գնահատել հայրենի իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայ գաղթաշխարհի մեր մեծ ու փոքր կազմակերպութիւններուն տարած հետեւողական եւ գովելի աշխատանքը։

Այդ օրը, 24 Ապրիլին, համայն հայութեան հետ մէկտեղ մեծ թիւով օտարներ խոնարհեցան մարդկային գազանութեան զոհ գացած մեր միլիոնաւոր զոհերուն անյայտ գերեզմանները խորհրդանշող յուշակոթողներու առջեւ, ցաւակցական խօսքեր չխնայալով հայ ժողովուրդի կրած այդ մեծ ողբերգութեան, մեր պատմութեան ամենասեւ իրադարձութեան առթիւ։

Բայց կաց, ի՞նչ պատմութիւն։

Մեծ Եղեռնը պատմութիւն չէ բոլորովին։ Ինչպէ՞ս կրնայ շարունակուող գործընթաց մը պատմութիւն կոչուիլ։ Անցած հանգրուանի մը միայն պատմութիւն կ̓ըսուի, իսկ Եղեռնը անցած հանգրուան չէ, ան մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուի։ Այդ բանը մենք գիտենք ազգովին, այդ վիճակը մենք կ̓ապրինք ամէն օր, ամէն տեղ ուր հայ կայ, ուր ամէն քայլափոխի պարտի գլուխը խոնարհել ձուլման եւ ուծացումի եաթաղանին տակ։ Գուցէ մահուան սպառնալիքէն սարսափած կրօնափոխ չդառնայ ինչպէս դեռ մինչեւ երէկ էր, այլ ազգափոխ դառնայ՝ անտեսուելու եւ արհամարհուելու վախէն սրդողած։ Սակայն ի՞նչ տարբերութիւն։

Ինչպէ՞ս հասկցընել օտարին, թէ այսօր եւս հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի նոր ձեւեր ստացած, ահա հարիւր տարիէ ի վեր կը շարունակուի բնաջնջուիլ ամբողջ ազգ մը նորանոր միջոցներով՝ իր նախնիներու հայրենի հողէն երբեմն բռնութեամբ դուրս մղուելով, յաճախ զինք շրջապատող մարդոց վայրագ ատելութենէն խուսափելու պատճառաւ ինքզինք օտար ափեր նետելով, ուր աչքերը գետին յառած կը փորձէ ամօթով չմնալ օտարին առջեւ, որ թոյլ տուաւ իրեն իր ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանել։ Չխօսելով հայ ժողովուրդի պատմութեան կարծես ճակատագրականօրէն անբաժան մաս կազմող այն իրողութենէն, երբ քիչէն շատէն կազմաւորուած մեր գաղթօճախները մէկը միւսին ետեւէն յօդս կը ցնդին տուեալ երկրին մէջ զինեալ բախումներու հետեւանքով, ուր առաջին զոհերը անշուշտ փոքրամասնութիւններն են։ Երեւի աւելորդ չէ նշել, թէ երկրագունդի վրայ ոչ մէկ ազգ այդքան կարիքը չէ զգացած իր գաղթաշխարհի պատմութիւնը գրել, ինչքան մենք՝ հայերս, ան ալ քանի՜ քանի՜ հսկայածաւալ հատորներով։

Ինչքա՞ն դեռ հանդուրժելի է լսել օտարին մեղկ ու անտարբեր վերաբերմունքը մեր նկատմամբ, թէ ՛«ի՞նչ կայ որ, եթէ կ̓ուզեն տարին օր մըն ալ յիշատակը յարգել իրենց անցեալի զոհերուն, ի՞նչ վնաս ատկէ։ Վերջ ի վերջոյ տեմոքրաթական հասարակութիւններու մէջ մարդ ազատ է իր զգացումները արտայայտել, կարեւորը՝ յարգեն տուեալ երկրին օրէնքները»։

Սա անշուշտ լաւագոյն պարագային։ Այլապէս···

Այլապէս ապրեցանք ու տեսանք նաեւ շատերու լկտի վերաբերմունքը մեր նկատմամբ։

Գուցէ կեղծն ու անկեղծը զատորոշելու համար արժէ գիտնալ, թէ ինչպէս կը մտածէ այս կամ այն օտարը մեր մասին, ո՞ր երկրի ղեկավարը անձնապէս թէ իր երկրի անունէն պաշտօնապէս կը ճանչնայ մեր ոբերգութեան ահաւորութիւնը, թէ ինչքա՞ն եւ ինչո՞ւ օտար երկիրներու պաշտօնական մարմիններ, հասարակութեան մաս կազմող անհատներ կամ կազմակերպութիւններ ինչքան տեղին կը գտնեն մեր ցաւի պոռթկումը, հասկնալի կը գտնեն մեր անգոհունակ վիճակը նոյնիսկ մեզի հիւրընկալած ափերու վրայ։ Կամ, ընդհակառակը՝ սառն անտարբերութեամբ մը կը նային պատմական անցեալի մը վրայ, որ ներկայ է տակաւին, չարտասանուած խօսքերով բնորոշելով ՝«սա խումբ մը մարդոց անգործնական ընթացքը, որոնք ամբոջ տարին կը տքնին, շարունակ կը ծրագրեն ու միջոցներ կը վատնեն Ապրիլին՝ եթէ չեմ սխալիր՝ 24-ին (քարուղարուղիս աւելի լաւ գիտէ), հաւաքոյթ մը, քայլարշաւ մը, բանախօսական երեկոյթ մը կամ քայլարշաւ մը կը կազմակերպելու համար», եւայլն։

Յետո՞յ, յետոյ մինչեւ յաջորդ տարուայ Ապրիլի 24-ը···։

Ժամանակը չէ՞ արդեօք քայլ պահելու նոր իրականութեան հետ, ջանք թափելու, որ 100 տարի առաջուան Ապրիլի 24-ին կանգ չ'առնէ մեր պատմութիւնը, այլ շարունակուի օրէ օր, տարուէ տարի շարունակ։ Մեծ իրատեսութիւն չէ նշել անշուշտ, թէ 24 Ապրիլին կը յաջորդէ ուրիշ օր մը, ուրիշ թուական մը, ապա յաջորդ ամիս մը, տարի մը, տասնամեակներ, սերունդներ կու գան ու կ̓երթան, կու գան մեծ ակնկալութիւններով, կ̓ապրին սպասումներով։ Անարդար պիտի ըլլայ զանոնք սահմանափակել անցեալով, որ ճիշդ է, թէեւ շարունակուող ներկայ է տակաւին, սայկայն ալ աւելի ծանր է գալիք սերունդները զրկել յոյսի նշոյլէն։

Այո, անհրաժեշտ է զատորոշել կեղծն ու անկեղծը, բարեկամն ու ոչ բարեկամը, բայց արդե՞օք այդ բոլորը լուծում կը բերէ մեր դատին։ Դեռ աւելին· այն ինչ ուզեցինք աշխարհէն, թէեւ դանդաղ ու ոչ ակնկալուած չափով, տրուեցաւ մեզի եւ տարուէ տարի կը լրացուի անընդհատ։ Ուզեցինք աշխարհէն ցաւակցիլ մեզի հետ, չզլացաւ· նոյնիսկ եղան թուրքեր, որոնք ծաղիկներ զետեղեցին ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող մեր յուշարձաններուն առջեւ։ Ուզեցինք աշխարհէն պաշտօնապէս ճանչնալ հայոց ցեղասպանութիւնը որպէս պատմական փաստ, դարձեալ գտնուեցան շատեր, որոնք յայտնի ու անյայտ պատճառներով պաշտօնապէս հաստատեցին ցեղասպանութեան փաստը եւ օրը օրին անոնց թիւը կը բազմանայ։

Ուրի՞շ։ Ուրիշ համարեայ ոչինչ։ Պահանջատիրութեան հարցը կարծես մոգական հարուածով մը չքացաւ մեր բառարաններէն։

Այսինքն՝ պահանջեցինք բաներ, նոյնքան ցանկալի, նոյնքան անժխտելի ու անժամանցելի, սակայն այդ պահանջը դրուեցաւ ոչ անոնց կողմէ, որոնք իրաւասու են նման պահանջներ դնել մարդկութեան առջեւ։ Չգիտակցեցանք, չուզեցինք մենք մեզի նեղութիւն տալ խորամուղ ըլլալու այսօրուայ աշխարհը ղեկավարող օրէնքներու տրամադրութեանց, ուր ամրագրուած են շատ մը իրաւական դրոյթներ, որոնցմով այսօր աշխարհը կը ղեկավարուի եւ որոնցմէ բացայայտօրէն չեն կրնար խուսափիլ նոյնիսկ ամենահզօր պետութիւններ ղեկավարող մարդիկ։ Հող պահանջեցինք, երբ հողային պահանջ կրնան ներկայացնել միայն պետութիւններ, իսկ հայրենի իշխանութիւնները արդէն քանիերորդ անգամ է կը յայտարարեն, թէ հողային պահանջներ չունին ոչ ոքէ։ Պատճառները յայտնի են, հարկ չկայ աւելորդաբանութիւններու։ Ամէն կողմէ շրջափակուած, նոյնիսկ իր գոյութիւնը առանց մեծերու հովանաւորութեան պաշտպանել չկրցող երկիր մը ինչպէ՞ս կրնայ այդպիսի հաւակնութիւններ ունենալ։

Շարունակել աջէն ձախէն պահանջներ դնել հայրենի իշխանութիւններուն առջեւ, բնական է, ոչ մէկ դրական արդիւնք կը բերէ գործին։ Իսկ անհատներ կամ խմբաւորումներ, որոնք նման խոստումներով բեմ կը բարձրանան, ոչ միայն մազաչափ իսկ չեն փոխեր տխուր իրականութիւնը, այլեւ յուսահատութեան կը մատնեն իրենց ականջ դնող հանրութեան, ներկայ եւ մանաւանդ յաջորդող սերունդներուն, որոնք ահա աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր հիասթափութիւն հիասթափութեան ետեւէ կ̓ապրին ու աւելի ենթակայ կը դառնան ուծացումի, իրենց ապրած ամենակուլ շրջապատին, ուր իրագործելի է միայն հնարաւորը։

Բայց անհնարը նաեւ կրնայ օր մը հնարաւոր դառնալ։ Սակայն ամէն ինչ իր ժամանակին։

Իսկ ո՞րն է հնարաւորը···։

Բաւական է հայեացք մը նետել միջազգային օրէնքի տրամադութեանց վրայ, նկատելու համար այն բոլոր հնարաւոր միջոցնեը, որոնց կրնայ հայութիւնը դիմել իր կրած կորուստները վերադարձնելու, պապենական հողին վրայ իր նախնիներու մշակութային արժէքներուն ծրագրաւորուած բնաջնջումը կասեցնելու ուղղութեամբ։ Անհատական, համայնքային ունեցուածքի պահանջատէրը հայ անհատն է՝ արեւմտահայութիւնը, ուր ալ որ գտնուի, բռնագրաւուած հայրենիքի իւրաքանչիւր շրջանի հայրենակցական միութիւննենն են, անոնք, որոնք իրենց բնակավայրերէն հեռացուած են բռնութեամբ, ոչ իրենց կամքով եւ միջազգային ոչ մէկ օրէնք կրնայ արդարացում տալ այդ վարմունքին։

Դեռ աւելին· բոլոր այն միջազգային պայմանագիրները, որոնք այս կամ այն կերպ կ'առնչուին հայկական հարցին, ի մասնաւորի արեւմտահայաստանին, ճիշդ է թէ համաձայնագիրեր են պետութիւններու միջեւ եւ զանոնք վերատեսութեան ենթարկելու իրաւունքը պետութիւններու իրաւունքն է միայն, սակայն եւ այնպէս մենք պարտինք յիշել, թէ արեմտահայ ոչ մէջ պաշտօնական մարմին չէ ընդունած, իր հաւանութիւնը չէ տուած այդ համաձայնագիրներուն, այլ անոնք պարտադրուած են մեզի մեր կամքին հակառակ։ Այնինչ արեւմտահայութիւնը ճանչցուած եւ գրանցուած էր նոյնիքն Օսմանեան, ապա նաեւ Երիտթուրքերու ղեկավարած պետութեան կողմէ, ճանչցուած էր որպէս անջատ միաւոր, ունէր իր սահմանադրութիւնն ու պաշտօնական ներկայացուցիչները այդ պետութեան մօտ։

Սոյն յօդուածը հաւակնութիւն չունի եւ չի ալ կրնար ունենալ թուարկելու բոլոր այն հետապնդելի հարցերը, որոնք կրնան որոշ դրական արդիւնքներ արձանագրել մեր արդար դատի իրագործման ծիրէն ներս։ Այն ինչ տեղ կը գտնէ այստեղ ընդհանուր դիտումներ են միայն, ոչ լրիւ ու աւարտուն, այլ միմիայն համեստ մատնանշումներ, որոնք կրնան նոր մօտեցումի տրամադրութիւններ ստեղծել հարցով շահագրգրուած հայրենակիցներու մօտ, գուցէ ելակէտ մը հանդիսանալով նոր աչքով նայելու մեր այսօրուան իրականութեան վրայ։ Մնացեալը, կուռ, աւարտուն ու գործնական ծրագիրներ կազմելու աշխատանքը բնական է պէտք է վստահիլ համապատասխան մասնագէտներու խնամքին։

Հրայր Կարապետեան