Ֆիլատէլֆիոյ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով նշուած է Արժ. Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտարասեանի քահանայական ձեռնադրութեան 10-ամեակը՝ ներկայութեամբ հոգեւորականներու, համայնքային ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալներու։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներէն Արժ. Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտարասեանի քահանայական ձեռնադրութեան 10-ամեակի առթիւ, թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանի հովանաւորութեամբ, Ֆիլատէլֆիոյ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ տեղի ունեցան 27 Սեպտեմբեր 2026, Կիրակի, Վարագայ Ս. Խաչի Տօնին։
Տէր Հայրը եկեղեցական առաջին աստիճաններով եղած է Պոլսոյ Պատրիարքութեան հետ բարոյապէս աղերս ունեցող հոգեւորական մը։ Այս մէկը գնահատելով, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը եւս ուղարկած է շնորհաւորական իր պատգամը ձեռամբ Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններէն Իշխանաց Կղզեաց քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։
Արարողութեանց մասնակցեցան Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Սիմէոն Աբղ. Օտապաշեան, շրջանի Ս. Մարկոս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Ասատուր Քհնյ. Մինասեան, Չելթընհամի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Յակոբ Քհնյ. Գէորգեան, հայ քոյրերու վարժարանի մայրապետները, բազմաթիւ սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ, զանազան միութիւններէ եւ կազմակերպութիւններէ վարիչներ եւ անդամներ եւ ուխաւորներ։
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Կոմիտաս երգչախումբի եւ եկեղեցւոյ Թարգմանչաց երգչախումբի միացեալ կազմին կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Քրիս Սրկ. Գալֆանեանի։ Հակառակ սաստիկ անձրեւին, եկեղեցին լեցուն էր բազմաթիւ հաւատացեալներով եւ կը տիրապետէր տօնական մթնոլորտ։
Ս. Պատարագի աւարտին Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից հոգեւոր հայրերուն, Ս. Սեղանի սպասաւորներուն, երգչախումբի անդամներուն եւ բոլոր ներկաներուն։ Ապա, հայերէնով քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ փոխանցեց Պատրիարք Հօր հայկական օրհնութիւնները։
Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն եւ գործադրուեցաւ յայտագիր մը։ Ներկաներ անմիջական մթնոլորտի մէջ շնորհաւորեցին Տէր Հայրը, երէցկին Մարանը եւ իրենց զաւակները՝ Նաթանն ու Նայիրան։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետուհի Լիզա Մանուկեան։
Յայտագրին մաս կազմեցին Ս. Վարդան Մայր Տաճարի վերանորոգութեան մասին ներկայացումը, զոր կատարուեցաւ թեմական խորհուրդի անդամներէն Ալեքս Թոփաքպաշեանի կողմէ։ Այս առթիւ ցուցադրուեցաւ նաեւ վերանորգութեան տեսլականին մասին պատրաստուած տեսաերիզի ցուցադրութիւնը։
Ապա, Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտներ հայերէն երգերով հանդէս եկան, առաջնորդութեամբ վարժարան երաժշտութեան պատասխանատու՝ Գէորգ Քէչիչեանի։
Շրջանի «Մեղրի» պարախումբի պատանի անդամներ, ղեկավարութեամբ՝ Լուսինէ Քըզըլեանի ներկայացուցին հայկական պարերով գեղեցիկ ելոյթ մը։ Օրուան մեծարեալը Տ. Արմաշ Քահանան իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ նախ եւ առաջ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնելով իր եղբայրներուն, իր համայնքին եւ իր ընտանիքին։
Արտասանութեան աւարտին, Հայր Սուրբը Տէր Հօր յանձնեց Պատրիարքական շնորհաւորական նամակը։ Հայր Սուրբը յաջորդաբար յիշեցուց նաեւ, թէ Տէր Հայրը իր ծառայութեան առաջին քայլերը առած է Իշխանաց Կղզեաց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, մաս կազմելով տեղւոյն Ներսէսեան Դպրաց Դասուն։ Հայր Սուրբը այս առթիւ որպէս Իշխանաց Կղզեաց հոգեւոր պատասխանատու, յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ներսէսեան Դպրաց Դասուն Տէր Հօր նուիրեց հայկական ոճով պատրաստուած լանջախաչ մը։
Վերջաւորութեան, Տ. Սիմէոս Աբեղան բեմ հրաւիրուեցաւ եւ յայտնեց որ հանդիսութեան կը մասնակցի ներկայացնելու համար Առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոսը։ Այս առթիւ Հայր Սուրբը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան գիրը, որուն մէջ կը գնահատուի Տէր Հօր մատուցած նուիրեալ ծառայութիւնը Արեւելեան թեմէն ներս։ Պատգամին մէջ կ'արտասանուի հետեւեալը. «Տէր Արմաշի սպասաւորութեան սիրտը այն գիտակցութիւնն է, թէ ինք կը ծառայէ մեր Տիրոջ՝ ամէն բանէ առաջ։ Իր հաւատքը, խոնարհութիւնը եւ սէրը իր ժողովուրդին հանդէպ կը ճառագայթեն իր կոչումի խորքերէն։ Իր ջերմառատ անձնական յատկանիշները զինք սիրելի դարձուցած են այս համայնքի ժողովուրդին եւ իր եղբայր հոգեւորականներուն»։
Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբը, յաջորդաբար Տէր Հօր յանձնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ուղարկած հայկական ոճով պատրաստուած ձեռաց խաչ մը։ Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ վերջին օրհնութեամբ։

