Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրկինը կանչուած է Մոսկուա՝ խորհրդակցութիւններու համար, կը յայտնէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Ըստ գերատեսչութեան՝ որոշումը պայմանաւորուած է Հայաստանի ղեկավարութեան՝ Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցման ուղղութեամբ քայլերով, որոնք, ըստ Մոսկուայի, կը վնասեն Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջածիրէն ներս համագործակցութիւնը։
Մայիս 29-ին Աստանայի մէջ կայացած գագաթնաժողովին ընթացքին ԵԱՏՄ անդամ չորս պետութիւններու ղեկավարները ՀՀ փոխվարչապետին յայտարարութիւն փոխանցած են, ըստ որուն՝ դեկտեմբերին պիտի քննարկեն կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի անդամակցութեան հարցը։