Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերթական ապատեղեկատուութիւն տարածած է, յայտարարելով, թէ իբր 30 Յուլիսի կէսօրին ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները հրաձգային զինատեսակներէն կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան հատուածը տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնէն:
Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ ԶՈւ-ի լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ։
Նշենք, որ երէկ երկու անգամ նոյն բովանդակութեամբ յայտարարութիւն տարածած է Պաշտպանութեան նախարարութիւնը: