Տարիներէ ի վեր Քեսապի բարբառի համակողմանի ուսումնասիրութեան աշխատանքներուս մէջ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են բարբառային բուսանուններուն եւ պտղանուններուն։ Վերջին չորս տարին այս աշխատանքը ամբողջապէս կլանեց զիս․ աշխատանքը կ՛ընդգրկէ 535 բարբառային անուն ունեցող բոյսեր ու պտուղ եւ նոյնքան ալ՝ միայն միջազգային անուամբ ներկայացուող բոյսեր։ Հոս յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Քեսապի բոլոր բարեկամներուս, որոնք օգտակար եղան ինծի։ Անոնց անդրադարձած եմ աշխատութեան մէջ։ Այստեղ, պատկերացում մը տալու համար, յաջորդաբար պիտի ներկայացնեմ ամենէն աւելի հետաքրքրական նկատուող բոյսերէն շարք մը։
Բարբառային անուններուն մէջ սուղ ը-ը գրած ենք եւ գործածած՝ է եւ օ գիրերը։
1․- ԽԸՌԸՆՊՕՇ/ԽԸՌԸՄՊՕՇ — Scrophulariaceae/ խլածաղկազգիներու ընտանիքին պատկանող Verbascum sinuatum։ Նոյնն է հայերէնի ԽՌՆԴԱՏ բոյսը․ «Ձկները սրա սերմերը ուտելով թմրում են, կոչւում է նաեւ եզան ագի, ձկան մահարար, խռջնակ» (Ստ․ Մալխասեան, Խռնդատ)։ խըռընպօշ եւ խռնդատ․ երկուքն ալ բարդ բառեր են նոյն հիմքով, բայց տարբեր են երկրորդ բաղադրիչներով ՝դատ եւ պօշ, որոնց իմաստը այստեղ չենք կրցած բացայայտել։

Երկամեայ բոյս, է, կը հանդիպի խոպան արտերու եւ քարքարուտներու մէջ։ Ունի ուղղաձիգ ցօղուն, որ կրնայ բարձրանալ մինչեւ մէկ մեթր ու ճիւղաւորուիլ։ Ունի անկոթուն հաւկթաձեւ դեղնաւուն տերեւ, ստորին տեղերը՝ ծալքաւոր։ Իւրաքանչիւր ոստի վրայ կոկոնները մեծ խտութեամբ կ՛երեւին ու Մայիսէն սկսեալ ամբողջ ամռան կը ծաղկին․ ծաղիկը դեղին է՝ սրճագոյն վարսանդով։
Կը գործածուի Կիւրէշի եւ Մեղրաձորի գետակներուն մէջ կատարուող ձկնորսութեան ատեն։ Գետակի ջուրը կը կապեն թումբով մը, կը պղտորեն, որպէսզի հոն իջնող ձուկերը մակերեսին երեւին։ Խըռընպօշի թուփը քարին կը զարնեն, որպէսզի հիւթը դուրս ծորի, ու կը նետին ջուրին մէջ։ Ձուկերը «սարսափէլ» կ՛ըլլան, այսինքն կը թմրին։ Որսը կը դիւրանայ։
Ունի նաեւ բուժիչ գործառոյթ։ Բաց վէրքին վրայ տերեւը կը դնեն, արիւնը կը կասի․ կը բուժէ, վէրքը կը գոցէ։