Համայնքային ոստիկանութեան Վաղարշապատի բաժնի ծառայողները ստացած էին տեղեկութիւն, որ Վաղարշապատի Միչուրինի փողոց բնակիչ մը կ՚աճեցնէ կանեփ եւ ապօրինի կը պահէ մարիկուանա:
Այս մասին յայտնած են Ներքին գործոց նախարարութենէն:
Վաղարշապատի քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս մայիս 20-ին 62-ամեայ տղամարդու տան մէջ կատարուած է զննութիւն: Բակին մէջ յայտնաբերուած է կանեփի մշակուած 13 բոյս։
Յայտնաբերուած է նաեւ մարիկուանայի նմանող զանգուածներով երկու շիշ՝ 65 եւ 29 կրամ քաշերով:
Նախաքննութեամբ հանգամանքները կը պարզուին: