image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի մէջ նշանակուած որեւէ առաջնորդ «պիտի դառնայ ոչնչացման թիրախ»․ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար

Իրանի մէջ նշանակուած որեւէ առաջնորդ «պիտի դառնայ ոչնչացման թիրախ»․ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար

Իրանի որեւէ նոր առաջնորդ պիտի դառնայ ոչնչացման թիրախ։ Այս մասին X-ի իր էջին վրայ գրած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը։

«Իւրաքանչիւր առաջնորդ, որ կը նշանակուի իրանական ահաբեկչական վարչակարգին կողմէ՝ Իսրայէլի ոչնչացման, Միացեալ Նահանգներու, ազատ աշխարհի եւ տարածաշրջանի երկիրներու դէմ սպառնալիքներու ծրագիրը շարունակելու եւ իրագործելու, ինչպէս նաեւ իրանցի ժողովուրդը ճնշելու համար, պիտի դառնայ ոչնչացման անվերապահ թիրախ»,– գրած է Իսրայէլ Քացը։

Քաց ընդգծած է, որ Իսրայէլի համար որեւէ նշանակութիւն պիտի չունենայ թիրախին ինքնութիւնը։

«Նշանակութիւն չունի ոչ անոր անունը, ոչ ալ այն վայրը, ուր ան կը թաքնուի»,– աւելցուցած է ան։