Անցեալ տարուան ընթացքին ամբողջ աշխարհի մէջ 129 լրագրող զոհուած է։
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրեէ»-ը, այս մասին յայտնած է Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէն՝ արձանագրելով, որ սա ամենաբարձր ցուցանիշն է 1992 թուականէն ի վեր, երբ կազմակերպութիւնը սկսած է վարել այս վիճակագրութիւնը։
Մասնաւորաբար, 2025 թուականին զանգուածային լրատուամիջոցներու 129 աշխատակիցներէ 104-ը զոհուած է ռազմական հակամարտութիւններու ընթացքին, եւ անոնցմէ 86-ի մահուան համար պատասխանատու կը նկատուի Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը։
Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէն նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքի վրայ, որ լրագրողները սկսած են աւելի յաճախ զոհուիլ անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներէ. 2025 թուականին առնուազն 39 անձ զոհուած է նման հարուածներու հետեւանքով։
Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէի տուեալներով՝ 2024 թուականին զոհուած էր 124 լրագրող։