image

ՀԲԸՄ-ի Կազմակերպութեամբ «Բաց քննարկում Արտակ Բեկլարեանին հետ»

ՀԲԸՄ-ի Կազմակերպութեամբ «Բաց  քննարկում Արտակ Բեկլարեանին հետ»

11 Նոյեմբեր 2021-ին, Արցախի Պետական Նախարար Արտակ Բեկլարեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նիւ Եորքի Կեդրոնէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու հետ: Նիւ Եորք եւ շրջակայ համայնքներէն Երիտասարդ Արհեստավարժներու խումբ մը նոյնպէս ներկայ եղաւ հանդիպման, առկայ խնդիրներու շուրջ ազատ քննարկման առիթ ունենալով Նախարարին հետ: Արտակ Բեկլարեանին կ'ընկերանար Յատուկ Խորհրդական Դաւիթ Յակոբեան, որ տասնեակ տարիներ պաշտօնավարած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Անվտանգութեան եւ Զարգացման կառոյցներէն ներս: Բեկլարեանի շրջայցը կը նպատակադրէր համայնքները իրազեկել Արցախի պատմութեան հետագայ հանգրուանի ռազմավարութեան կապակցութեամբ: 

Նախարարին այս շրջայցը, կը զուգադիպէր 2020-ին Արցախի դէմ շղթայազերծուած  դաժան եւ անհամաչափ պատերազմի տարելիցին: Ան նշեց, թէ իր այցին նպատակն էր նաեւ մեղմել պատերազմին պատճառով Արցախահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ, սփիւռքահայ շրջանակներու մօտ անցնող տարուան ընթացքին յառաջացած տագնապի եւ մտհոգութեան մթնոլորտը:

Բեկլարեան  եւ Յակոբեան հանդիպեցան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Արտա  Յարութիւնեանի, Նազարէթ Ֆըսթըգճեանի, Անի  Մանուկեանի, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Գրասենեակի խումբ մը աշխատակիցներու հետ: Ըլլալով Հ.Բ.Ը.Մ.ի համալսարանական նախկին կրթաթոշակառու,  Արտակ Բեկլարեան  գնահատանքով արտայայտուեցաւ շրջանէն ներս Հ.Բ.Ը.Մ.ի ծաւալած լայն գործունէութեան, կրթական, մշակութային, մարդասիրական եւ տնտեսական-հասարակական զարգացման ծրագիրներուն ուղղութեամբ: Այդ ծրագիրները աւելի եւս ընդարձակելու եւ տարածաշրջանէն ներս կազմակերպչական աւելի ուժեղ ներկայութիւն մը ունենալու կապակցութեամբ, խորհրդակցութիւններ կատարուեցան, նկատի ունենալով Արցախի շուրջ զարգացող իրադարձութիւններու անկայուն եւ յարափոփոխ ընթացքը:

Բեկլարեան նշեց, թէ Հ.Բ.Ը.Մ.ը եղած է առաջիններէն, որպէս կազմակերպութիւն, որ կանուխէն եւ հետեւողական կերպով, ներդրումներ կատարած է Արցախի զարգացման ուղղութեամբ: Միութեան ծրագիրները, յատկապէս կարողութիւններու մշակումին ուղղութեամբ, օրինակ ծառայած են այլ կազմակերպութիւններու համար: Կարեւոր նկատուեցաւ այս առնչութեամբ քննարկումները շարունակել եւ նոր նախաձեռնութիւններ ծրագրել, որոնք ուղղուած ըլլան տարածաշրջանի զարգացող իրադարձութիւննրու դիմագրաւումին եւ օժանդակեն իրենց կեանքերը վերականգնելու ճիգին մէջ գտնուող Արցախահայութեան: 

Բեկլարեան պատասխանեց ներկայ գտնուող Երիտասարդ Արհեստավարժներու բազմաթիւ հարցումներուն: Ան լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ, Միացեալ Նահանգներու մէջ իր շրջայցի ընթացքին աւելի քան 1500 անձերու հետ ունեցած հանդիպումներէն իր տպաւորութիւններուն մասին: Ընդունելով յանդերձ այն ծանր դժուարութիւնները զորոնք կը դիմագրաւէ Արցախը այսօր, ան շեշտեց համագործակցութեան եւ ներդրումներ կատարելու լայն կարելիութիանները: Հոկտեմբերի 10-ին սկսած իր շրջայցի ընթացքին, ան հանդիպած էր Լոս Անճէլըսի, Ֆրեզնոյի, Սան Ֆրանսիսկոյի, Ուաշինկթըն Տի Սի-ի, Պոսթընի, նիւ Ճըրզիի եւ Նիւ Եորքի հայ համայնքներու ներկայացուցիչներու եւ պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ  քոնկրէսականներու հետ: Ան շեշտեց, թէ իր առաքելութեան գլխաւոր նպատակն էր ներկայացնել Արցախի դիւանագիտական նոր ուղղուածութիւնը, ծանօթացնել ներկայ իրադրութիւնը, հեռանկարները եւ ապագայի տեսլականը: «Մենք կը փափաքինք լսել թէ ինչ ձեւերով կրնանք աւելի արդիւնաւոր կերպով գործակցիլ եւ մասնակից դարձնել Սփիւռքը, միասնաբար զարգացնելու համար Արցախը» ըսաւ Արտակ Բեկլարեան:

Զրուցավար Նանա Շահնազարեան մասնակցող երիտասարդներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց հանդիպումի մտերիմ բնոյթին վրայ եւ քաջալերեց լաւագոյնս արդիւնաւորել ներկայացուած այս առիթը: «Նախարար Բեկլարեան մեզի կը վերյիշեցնէ թէ մենք պարտուած ժողովուրդ չենք: Ան կը ներկայանայ ապագայի տեսլականով եւ միասնաբար կառուցելու հրաւէր կ'ուղղէ մեզի»:

Անզէն քաղաքացիներու սպանութեան վերջին դէպքերու լոյսին տակ, քննարկաման առարկայ դարձաւ Ռուս խաղաղապահներու պարագան եւ անոնց հեղինակութիւնը Ատրպէյճանական ոտնձգութիւններու նկատմամբ: Բեկլարեան նշեց, թէ Ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը Արցախի կայունութեան գրաւականն է: Ան ըսաւ, թէ Ատրպէյճանը դժգոհ էր տիրող ժողովրդագրական իրականութենէն, տրուած ըլլալով որ ան կը նախատեսէր թէ իր շղթայազերծած ռազմական գործողութիւններուն իբր արդիւնք, տարածաշրջանէն լայնածաւալ եւ վերջնական արտագաղթ տեղի պիտի ունենայ, ինչ որ չպատահեցաւ: Ատրպէյճանական զինեալ ջոկատներ, շարունակաբար կը փորձեն բախումներ հրահրել խաղաղապահ ուժերուն հետ, թերգնահատելով եւ վտանգելով անոնց առաքելութիւնը: «Մենք դրական գործակցութիւն ունինք Ռուս խաղաղապահներուն հետ: Անոնք յաճախ անել կացութեան կը մատնուին, որովհետեւ պաշտօնական կանոնագրութեամբ լիազօրուած չեն հետազօտելու եւ համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու զինադադարի խախտումներու պարագային», ըսաւ ան: 

Նախ քան Պետական Նախարարի պաշտօնին ստանձնումը, Բեկլարեան հռչակի տիրացած էր որպէս Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան: Որպէս այդ, ան հետեւողականօրէն հաւաքագրած ու վաւերագրած էր մարդու իրաւունքներու խախտման եւ դաժանութեան բազմաթիւ պարագաները, որոնց ենթարկուած էր Արցախի բնակչութիւնը պատերազմին եւ անոր յաջորդող դիւրաբեկ զինադադրի ընթացքին: Որպէս իրաւապաշտպան, ան լուսաբանեց միջազգային բեմի վրայ արդարութեան հասնելու բազմաթիւ  կարելիութիւնները,  մասնաւորաբար շեշտելով ցարդ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող ռազմագերիներու պարագան: «Մենք բծախնդրօրէն վաւերագրած ենք դաժանութեան բազմաթիւ պարագաներու մանրամասնութիւնները, սակայն չենք յաջողած հետաքննութիւն իրկանացնել այն հազարաւոր ոճրային արարքներուն ուղղութեամբ, զորոնք կատարած է Ատրպէյճանական կողմը: Բազմաթիւ պաշտօնական յայտարարութիւններ կատարուած են դիւնագէտներու եւ մարդկային իրաւանց գործիչներու կողմէ, բայց ցարդ որեւէ փոփոխութիւն չենք տեսած Ատրպէյճանի գործելաոճին մէջ, նաեւ կը սպասենք տեսնելու թէ ինչ գործնական արդիւնք պիտի ունենան այդ յայտարարութիւնները», ըսաւ Բեկլարեան: Բեկլարեան նաեւ բացատրեց, թէ Ատրպէյճանի բռնատիրական քաղաքականութեան հրահրած հայատեացութեան մթնոլորտին մէջ, կարելի չէ իրականացնել անցումային արդարադատութեան կամ հաշտութեան որեւէ փորձ: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն իրենց հաղորդակցական ցանցերուն միջոցաւ իրազեկել իրենց շրջանակները մարդկային իրաւանց շարունակական խախտումներուն նկատմամբ:  Ան նշեց, թէ մինչ Արցախի կառավարութիւնը գլխաւորաբար կը յենի Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ, այս խնդիրներու բարձրաձայնումին եւ հետապնդումին ուղղութեամբ, կարեւոր կը նկատէ նաեւ Սփիւռքի աջակցութիւնը: 

Այն հարցումին թէ Սփիւռքը ի՞նչ ձեւերով կրնայ առաւելագոյնս օժանդակել Արցախին, Բեկլարեան մատնանշեց, թէ կարողութիւններու մշակումը ազգաշինութեան գործընթացին մաս կը կազմէ: Իւրաքանչիւր անձ իր կարողութիւններուն եւ մասնագիտական հմտութիւններուն միջոցաւ  կրնայ օգտակար հանդիսանալ: «Շարունակաբար մեկուսացուած ապրելով եւ անվտանգութեան մտահոգութիւննեներու եւ սպառնալիքնըրու ենթակայ ըլլալով, դժուար է լայնահորիզոն տեսլական եւ հեռանկարներ ունենալ», ըսաւ ան: «Սփիւռքահայերը կրնան իրենց աջակցութիւնը ընձեռել յարափոփոխ պայմաններուն յարմարելու ճկուն մշակոյթի ստեղծումին ուղղութեամբ»:  Ան նշեց, թէ Արցախի գործարարական իւրաքանչիւր մարզ, կրնայ օգտուիլ հեռանկարային նոր ուղղութիւններէ, կարողութիւններու մշակումը նոյնպէս, անհրաժեշտ է անորոշութեամբ յատկանշուող տարածաշրջանին մէջ կայուն զարգացում իրականացնելու համար:

Պատասխանելով նաեւ ազատ առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման հեռանկարներու կապակցութեամբ, անվտանգութեան անցակէտերու եւ Արցախի անվտանգութեան կառոյցներու ամրապնդումին վերաբերեալ հարցումներու, Բեկլարեան նաեւ նշեց, թէ ներկայիս օտարահպատակներ պէտք է մուտքի արտօնագիր ստանան Արցախի Երեւանի դեսպանատունէն, ինչ որ յաճախ առաջին փորձով կարելի չըլլար իրականացնել: Ան խոստացաւ թէ շուտով համացանցի միջոցաւ դիմում ներկայցնելու կարելիութիւն պիտի ստեղծուէր, դիւրացնելու համար սփիւռքահայերու ճամբորդութիւնը Արցախ, կեցութեան եւ ներդրումներ իրականացնելու նպատակներուվ:

Աշխոյժ քննարկումէ մը ետք, որ կ'ընդգրկէր արտագաղթի եւ Արցախի հիմնահարցը լրատուական ցանցերու մէջ լիարժէք ներկայացնելու  խնդիրները, Արտակ Բեկլարեան ներկայացուց այն հինգ հիմնասիւները, որոնց վրայ, իր հայեցողութեամբ, հիմնուած պիտի ըլլայ Արցախի ապագան: Անվտանգութիւն, տնտեսական կայուն զարգացում, ժողովուրդի թուաքանակի աճ, կրթութիւն եւ կառավարական զօրեղ համակարգ: «Արագ լուծումներ չկան» ըսաւ ան: «Հինգ հիմնասիւներու  պահպանումին համար անհրաժեշտ են նոյնքան արդիւնաւոր հինգ համապատասխան բաղադրիչներ: Ներհայեցողութիւն, միասնականութիւն, յարատեւութիւն, ռազմավարական մտածողութիւն եւ սատարելու ոգի»: 

Պարզաբանելով այս վերջին գաղափարը, ան ըսաւ,  «Մենք պէտք է հասկնանք, որ իւրաքանչիւր ազգ, յատկապէս մեր հայ ազգը, մարդկութեան սատարելու իր առաքելութիւնը ունի: Մենք առանձին չենք երկրի վրայ: Մենք շատ բան տուած ենք մարդկութեան: Մենք պէտք է կերտենք ազգ մը, որ պիտի ճանչցուի իր ծառայութիւններով»: