Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը չի բացառեր, որ հայ-ատրպէյճանական քննարկումներն ապագային կը շարունակուին երկիրներու ղեկավարներու, արտաքին գործոց նախարարներու ձեւաչափով։
«Դա լաւ նորութիւն է։ Նման գործընթացներն ուղղուած են խաղաղութեան պայմանագրի կնքման տեղի, ժամի հետ կապուած»,- խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Սիմոնեանը։
Ազգային Ժողովի նախագահի վստահեցմամբ, հայկական կողմը, եւ միջազգային բազմաթիւ գործընկերներ աշխատանքներ կը տանին, որ իրականութիւն դարձնեն խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը։
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախապայմաններուն, առանց որոնց կատարման Պաքուն չի ստորագրեր խաղաղութեան պայմանագիրը, Ալեն Սիմոնեանը նշած է, որ այդ նախապայմանները չեն կրնար փակուղային ըլլալ։
«Ադրբեջանի նախապայմանները, մեր ընկալմամբ, չեն կարող եւ չպէտք է խոչընդոտել խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմանը։ Հայկական իրաւական դաշտում գոյութիւն չունի նման խնդիր, որն այսօր հնչեցնում է Ադրբեջանը»,-ըսած է Սիմոնեանը։
Պաքուն Երեւանէն կը պահանջէ փոխել Սահմանադրութիւնը, ըսելով, թէ իբր այն իր մէջ տարածքային պահանջներ ունի Ատրպէյճանի նկատմամբ։
Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ մայիս 16-ին տեղի ունեցած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։
Փաշինեանն ու Ալիեւը կարեւորած էին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի բնագրի համաձայնեցումը։