image
Հրատապ լուրեր:

Հայկական ծագման շարք մը ապրանքատեսակներ Միացեալ Թագաւորութիւն պիտի արտահանուին առանց մաքսատուրքի

Հայկական ծագման շարք մը ապրանքատեսակներ Միացեալ Թագաւորութիւն պիտի արտահանուին առանց մաքսատուրքի

Միացեալ Թագաւորութիւնը հայկական ծագում ունեցող ապրանքներու նկատմամբ ինքնավար առեւտրային միջոցներ սահմանած է։

Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեան։

Որոշումը համահունչ է Հայաստան-Միացեալ Թագաւորութիւն ռազմավարական գործընկերութեան եւ նպատակ ունի նպաստելու հայկական արտադրանքի արտահանման կարելիութիւններու ընդլայնման ու երկկողմ տնտեսական գործակցութեան խորացման։

 

Զէրոյական մաքսատուրքով Միացեալ Թագաւորութիւն կարելի է արտահանել թարմ պտուղներ, չոր պտուղներ, չամիչ, կանաչեղէն, համեմունքներ եւ խմիչքներ, մասնաւորաբար՝ գարեջուր, քոնեակ եւ պրենտի։