image
Հրատապ լուրեր:

Հայկական Պոլիսը՝ ձիւնածածկ (Լուսանկարներ)

 Հայկական Պոլիսը՝ ձիւնածածկ  (Լուսանկարներ)

Ինչպէս Մերձաւոր Արեւելեան տարբեր քաղաքներ այս օրերուն ձիւնաբեր եղանակի մը ենթակայ են։

 Ինչպէս Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի նոյնպէս ալ Թուրքիան ենթակայ է ձմրան ցուրտ ալիքի մը, որուն հետեւանքով ալ այսօր Պոլիսը արթնցած է ճերմակ ձիւնի երանգներով։ 

 «Արեւելք»ի Պոլսոյ աղբիւրին համաձայն ձիւնաթափը նկատուած է նաեւ Պոլսոյ հայկական թաղերուն մէջ, ուր մեր եկեղեցիներն ու դպրոցները նոյնպէս ծածկուած են սպիտակ սաւանով։ 

Լուսանկարներուն մէջ Պոլսոյ ամէնէն աւելի հայաշատ Ֆէրիգիւղի շրջանն է, իսկ երեւելի եկեղեցին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին է, որ կը համարուի համայնքի ամէնէն աւելի բազմահոծ հանրութիւն ունեցող եկեղեցի։

Հայկական Պոլիսը մեզի բոլորիս համար իւրայատուկ արժէք կը ներկայացնէ, թէ պատմական տեսակէտով, թէ ալ հայութեան պատուհանը համարուելով։

 

 Լուսանկարները՝  Ա. Քէյիշօղլուի եւ Ռ. Ճիւզվէճեանի