image

Յորդանանի մէջ. Ճատրակի մշակոյթը տարածող Հայկական ԱՄՄ ակումբը արձանագրած է նոր յաջողութիւններ (Լուսանկարներ)

Յորդանանի մէջ. Ճատրակի մշակոյթը տարածող Հայկական ԱՄՄ ակումբը արձանագրած է նոր յաջողութիւններ (Լուսանկարներ)

Ազգային Մարզական Միութիւնը, որ շարունակ Ճատրակի մրցաշարերու մէջ մասնակցած է 1974 թուականէն սկսեալ, օրերս մասնակցած է 2024 թուականի առաջին եւ երկրորդ խումբերու շախմատի ակումբներու առաջնութեան, որ կազմակերպուած է 6 օրուայ ընթացքով՝ 28.11.2024թ.-էն մինչեւ 07.12.2024թ., Յորդանանի Թագաւորական Ճատրակի Հաւաքականի կոմէ, իրենց սրահին մէջ։ 

ԱՄՄ-ի խումբը յաղթանակներ արձանագրելով, ակումբը երկրորդ մակարդակէն բարձրացուց առաջին մակարդակի:  

Առաջնութեան մասնակիցներն էին՝ Վարուժ Օհանեան, Սեւան Գրիգորեան, Մամուն Համտան եւ Մահէր Պարղութի:

ԱՄՄ-ի կողմէ ճատրակի մարզիկ Սեւան Գրիգորեանը նուաճեց լաւագոյն խաղացողի կոչումը։

Պարգեւատրումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 12/7/2024-ին։

Աւելի շուտ, 30.11.2024-ին տեղի ունեցաւ Յորդանանի Թագաւորական Ճատրակի Հաւաքականի տնօրէն խորհուրդի ընտրութիւնները՝ Պր. Անդրանիկ Լեփէճեանի (Ընտրական յանձնաժողովի նախագահ) գլխաւորութեամբ, եւ առաջին անգամ ըլլալով Հաւաքականի տնօրէն խորհուրդի ընտրութիւններուն առաջադրուեցաւ ԱՄՄ ակումբի թեկնածու, ակումբի Ատենապետ Օր. Մարալ Ներսէսեանը, սակայն բաւարար միաւորներ չհաւաքելու պատճառով, մաս չի կազմեր խորհուրդին։

Յորդանանի Թագաւորական Ճատրակի Հաւաքականի յորդորներով, 15.10.2024-ին կայացաւ Յորդանանի ակումբներու աշխատանքային մարմնի ներկայացուցիչներու ընտրութիւնները, որոնց շրջածիրէն ներս Օր. Մարալ Ներսէսեան հաստատուած է որպէս ԱՄՄ-ի ներկայացուցիչ: