image

Հայկական հարցը Ֆրանսայի հարցն է. Ֆրանսացի գործիչ

Հայկական հարցը Ֆրանսայի հարցն է. Ֆրանսացի գործիչ

Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու բանաձեւի շուրջ ընթացող լսումներու ժամանակ բանաձեւի նախագիծի հեղինակ ծերակուտական Պրիւնո Ռեթայոն իր ելոյթը սկսած է Անատոլ Ֆրանսի մէջբերումով. «Ինչ-որ տեղ Արեւելքի մէջ մեր քոյրը կը մահանայ»: Ֆրանսացի գրողի այս խօսքերն ըսուած են 1916 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ։

Այս մասին յայտնած է 1lurer.am-ը:

Ռեթայոն այնուհետեւ յիշեցուցած է, որ 2023 թուականի սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի ողջ հայ բնակչութիւնը ընդամէնը երեք օրուան մէջ լքած է հայրենի հողը։

«Հայկական հարցը ֆրանսական հարց է»,-ըսած է ծերակուտականը՝ ընդգծելով, որ բանաձեւի նախագիծը միջկուսակցական է, եւ այն կը խօսի Ֆրանսայի միասնական դիրքորոշման մասին։

Սուտն ու բռնակալութիւնը կ՚ընթանան ձեռք ձեռքի տուած, ըսած է Պրիւնո Ռեթայոն՝ խօսելով Ալիեւի ռեժիմի մասին։

«Պաքուի դիրքորոշումը ցեղասպանութեան ժխտումն է, ծաւալապաշտութիւնը: Ալիեւն անընդհատ կ՚ըսէ, որ Երեւանը հայերու կողմէ գողացուած ատրպէյճանական քաղաք է»,- յայտարարած է Ռեթայոն։

Ան յիշեցուցած է Էրտողանի եւ Ալիեւի պահանջը՝ իրենց առաջ բանալ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ը, որ Հայաստանի ինքնիշխանութեան խախտում է։

Ռեթայոն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին կոչ ըրած է շտապ առաքելութիւն ուղարկելու Լեռնային Ղարաբաղ՝ գնահատելու հայկական մշակութային ժառանգութեան վիճակը։