Հայկական ֆութպոլի առասպել Նիքիթա Սիմոնեան 12 Հոկտեմբերին նշած է իր ծննդեան 99ամեակը։ Միաժամանակ ան դարձած է ամենատարեց կենդանի ողիմպիական ախոյեանը, ֆրանսացի հեծանիւային մարզաձեւի մարդիկ Չարլզ Քոսթի մահէն ետք։
Այս մասին կը գրէ «Նոր Մարմարա»ն։
Սիմոնեան 1956 թուականին Մելպուռնի Ողիմպիական խաղերու ընթացքին Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի ազգային խումբի կազմէն ներս ոսկեայ մետալի տիրացաւ։ Չարլզ Քոսթ, որ 1948 թուականի Լոնտոնի ամառնային ողիմպիականներու ախոյեան էր, մահացաւ 101 տարեկան հասակին։
Նիքիթա Սիմոնեան ծնած է 12 Հոկտեմբեր 1926ին։ Ան դարձաւ ուժեղ ֆութպոլիստ մը եւ բազմաթիւ մետալներ շահեցաւ, բայց անմոռանալի հետք թողուց հայկական ֆութպոլի մէջ, 1973-1974 թուականներուն մարզելով Երեւանի «Արարատ» ֆութպոլային խումբը։