Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանին մէջ՝ թիւ 176 հիմնական դպրոցին յարակից համայնքային հողատարածքին վրայ, պիտի կառուցուին թենիսի 4 դաշտեր, ինչպէս նաեւ ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի համար նախատեսուած բազմագործածական մարզադաշտ մը։
Այս մասին կը յայտնէ Երեւանի քաղաքապետարանը։
Շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին յառաջիկայ օրերուն։