ՀՀ երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի եղբօրորդին՝ Հայկ Սարգսեան ազատութեան մէջ է։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջով գրած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեանն (ՀՀԿ) խորհուրդի անդամ՝ Տիգրան Վարդանեան:
Նշենք, որ Հայկ Սարգսեան կալանաւորուած էր զանգուածային անկարգութիւններու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի պատճառաւ։ Խօսքը կը վերաբերի 31 Մայիսի Կառավարական 3-րդ մասնաշէնքի դիմաց «Դիմադրութիւն» շարժման կազմակերպած հաւաքին։