image
Հրատապ լուրեր:

Հայկ Սարգսեան Սերժ Սարգսեանի եղբօրորդին ազատ արձակուեցաւ

Հայկ Սարգսեան Սերժ Սարգսեանի եղբօրորդին ազատ արձակուեցաւ

ՀՀ երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի եղբօրորդին՝ Հայկ Սարգսեան ազատութեան մէջ է։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջով գրած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեանն (ՀՀԿ) խորհուրդի անդամ՝ Տիգրան Վարդանեան:

Նշենք, որ Հայկ Սարգսեան կալանաւորուած էր զանգուածային անկարգութիւններու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի պատճառաւ։ Խօսքը կը վերաբերի 31 Մայիսի Կառավարական 3-րդ մասնաշէնքի դիմաց «Դիմադրութիւն» շարժման կազմակերպած հաւաքին։