«Մուսա Լերան Զութընէն գիւղի 180 տարուայ այս տունը (մեր մօրքուրին) քանդուեցաւ երկրաշարժէն»,-կը գրէ Թամար Ինճէեան-Թաշճեան, նշելով, որ տունը կը պատկանէր ամուսինին մօրաքրոջը՝ Ռահել Տէր-Գալուստեան-Թաքպաշին։
Ան ըսաւ, որ այս տունը ապրած եւ մեծցած են 8 երեխաներ, մօրաքոյր Ռահելն ալ հոն ապրած եւ մահացած է: Զաւակները իբրեւ գիւղի տուն պահած են զայն եւ ամառները կ՚երթային պապենական տուն՝ հանգստանալու:
Թուրքիոյ երկրաշարժը փլած է նաեւ հայկական յիշատակներով այս տունը, ինչպէս նաեւ հայերուն պատկանող շատ շինութիւններ՝ Վագըֆ գիւղին շուրջը:
Թամար Ինճէեան-Թաշճեան եւ ամուսինը՝ Լեւոն Թաշճեան Լիբանանի Այնճար գիւղէն այցելած են պատմական Մուսա Լեր: