image

Հայերուն պատկանող 180 տարուան տունը փլած է երկրաշարժէն

Հայերուն պատկանող 180 տարուան տունը փլած է երկրաշարժէն

«Մուսա Լերան Զութընէն գիւղի 180 տարուայ այս տունը (մեր մօրքուրին) քանդուեցաւ երկրաշարժէն»,-կը գրէ Թամար Ինճէեան-Թաշճեան, նշելով, որ տունը կը պատկանէր ամուսինին մօրաքրոջը՝ Ռահել Տէր-Գալուստեան-Թաքպաշին։

Ան ըսաւ, որ այս տունը ապրած եւ մեծցած են 8 երեխաներ, մօրաքոյր Ռահելն ալ  հոն ապրած եւ մահացած է: Զաւակները իբրեւ գիւղի տուն պահած են զայն եւ ամառները կ՚երթային պապենական տուն՝ հանգստանալու:

Թուրքիոյ երկրաշարժը փլած է նաեւ հայկական յիշատակներով այս տունը, ինչպէս նաեւ հայերուն պատկանող շատ շինութիւններ՝ Վագըֆ գիւղին շուրջը: 

Թամար Ինճէեան-Թաշճեան եւ ամուսինը՝ Լեւոն Թաշճեան Լիբանանի Այնճար գիւղէն այցելած են պատմական Մուսա Լեր: