ՀՀ Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեանը հրաւիրած ասուլիսի ժամանակ անդրադարձած է Ս-400-ներու գնման հնարաւորութեան հարցին՝ նշելով, որ առայժմ այդ հարցը չի դիտարկուիր, Հայաստանը նման որոշում չունի: «Ունենք Ս-300 համակարգեր, որոնք իրականացնում են մարտական հերթապահութիւն»,- ըսած է ան:
Միաժամանակ, Արտակ Դաւթեանը յայատարարած է, որ Հայաստանը բանակցութիւններ կը վարէ հեռահար սպառազինութիւն գնելու համար: Բայց համաձայնագրեր առայժմ չեն կնքուած։ «Նախատեսում ենք, որ 2022-2023 թուականներին սպառազինութիւնը կը լինի Հայաստանում»,-ըսած է ան:
Անդրադառնալով պատերազմի սպառնալիքին՝ ան ըսած է. «Պատերազմի սպառնալիքը ոչ կրճատուել է, ոչ էլ աւելացել։ Այդ սպառնալիքը կայ, քանի դեռ չկայ Արցախեան հարցի քաղաքական լուծումը»,- նշած է ան: Ըստ Արտակ Դաւթեանի՝ այսօր Հայաստանի համար մարտահրաւէր է նաեւ Թուրքիան:
Խօսելով սպառազինութեան մատակարարման մասին՝ Գլխաւոր շտապի պետը շեշտած է, որ կործանիչներու մատակարարումներու մասին պայմանագիրը կնքուած է իշխանափոխութենէն ետք: Անդրադառնալով ԹՈՐ հակաօդային պաշտպանութեան զեինթահրթիռային համալիրի ձեռքբերման՝ Դաւթեանը շեշտած է, որ այն ե՛ւ նախկին, ե՛ւ նոր իշխանութիւններու աշխատանքի արդիւնք է: Ան ըսած է, որ որոշումը կար, սակայն սառեցուած էր: