Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Ստանիսլաւ Զասը նշած է, որ կազմակերպութիւնն առաջարկած է Հայաստանին օգնելու շարք մը միջոցառումներ, անոնց կարգին՝ առաքելութեան իրականացում Ատրպէյճանի հետ սահմանին՝ իրավիճակը գնահատելու համար, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի» լրատուական գործակալութիւնը։
«Իրավիճակը հեշտ չէ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին գրեթէ ամէն օր փոխհրաձգութիւններ կ'ըլլան։ Ընդհանուր առմամբ, միջոցառումներու համալիրը, որ ՀԱՊԿ-ը կ'առաջարկէ Հայաստանին կը ներառէ տարբեր միջոցառումներ՝ ե՛ւ քաղաքական-դիւանագիտական, ե՛ւ ռազմական որոլտներուն մէջ, անոնց կարգին՝ առաքելութիւն ուղարկել հայ-ատրպէյճանական սահման: Առաջարկներն ընդհանուր առմամբ հաւանութեան արժանացած են բոլոր պետութիւններու կողմէ»,- ըսած է Զասը պելառուսական ONT հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին։
Անոր խօսքով, «միակ բանը, որ չէ յաջողած իրականացնել՝ ստեղծուած իրավիճակի համախմբուած գնահատումն է»։