image

Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ պիտի ձիւնէ

Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ պիտի ձիւնէ

Հայաստանի տարածքին, 4 Դեկտեմբերի գիշերը շրջաններու մեծ մասին, նաեւ 4-ի ցերեկը, առանձին շրջաններու մէջ, կը սպասուին տեղումներ: 6-8 Դեկտեմբերին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ:

4 դեկտեմբերի գիշերը Հայաստանի լեռնային մարզերուն, Լոռիի, Տաւուշի եւ Սիւնիքի մէջ կը սպասուի ձիւն, առանձին հատուածներու մէջ մառախուղ, ցած հորիզոնական տեսանելիութիւն։ 

Քամին՝ հիւսիսարեւելեան` 2-5 մ/վ:

Օդի ջերմաստիճանը 4-5 դեկտեմբերին Լոռիի, Տաւուշի, Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ կը նուազի 5-6 աստիճանով:

Երեւանի մէջ, 4-5 դեկտեմբերի գիշերը կը սպասուի անձրեւ եւ մառախուղ: 4 Դեկտեմբերի ցերեկը, 6-8-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Կիրակի գիշեր կը սպասուի +2 +4, իսկ ցերեկը՝ +5 +7: