Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անտրէյ Պելոուսով յայտարարած է, որ Հայաստանի Սիւնիքի շրջանի շուրջ լարուածութիւնը կը շարունակուի։
«Հայաստանի Սիւնիքի շրջանի շուրջ լարուածութիւնը կը պահպանուի»,–ըսած է Պելոուսով՝ ընդգծելով, որ Մոսկուա շահագրգռուած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքմամբ։
Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիան պատրաստ է ամէն ինչ ընել՝ այդ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութեան նպաստելու համար։