Հայաստանի սահմանադրական հանրաքուէն կը նախատեսուի իրականացնել 2027 թուականին: Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսաւ ՀՀ արդարադատութեան նախարար Գրիգոր Մինասեան:
Ան նշեց, որ քննարկումներու հետեւանքով որոշուած է, որ Հայաստանին պէտք է նոր Սահմանադրութիւն, այլ ոչ թէ սահմանադրական փոփոխութիւններ։
Նախարարը աւելցուց, որ յանձնաժողովի աշխատանքային հանդիպումներու ընթացքին չէ քննարկուած Սահմանադրութեան առաջին երեք յօդուածի փոփոխութեան հարցը, չէ քննարկուած նաեւ Անկախութեան հռչակագիրին յղումը հանելու հարցը։
«Այդ բարդ փաստաթղթի վրայ աշխատելու ենք մանրամասն՝ հանրային քննարկումներով, նաեւ բոլոր մասնագէտների հետ աշխատելով»,- ըսաւ Մինասեան: