Եւրոպական Միութիւնը կը ջանայ կեանքի կոչել ՀՀ քաղաքացիներուն համար ԵՄ-ի վիզաներու ազատականացման գործընթացը, որ այժմ տեխնիկական աշխատանքներու փուլն է:
Այս մասին Երեւանի մէջ կայացած «Խաղաղութեան խաչմերուկ. միաւորելով անվտանգութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը» խորագիրով համաժողովին յայտարարած է Հայաստանի մօտ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վասիլիս Մարակոս:
«Մէկ ամիս առաջ Երեւանի մէջ ազդարարուեցաւ գործընթացի մեկնարկը, եւ հիմա պէտք է աշխատինք, որ վիզաներու ազատականացումը դառնայ իրականութիւն: Այս ուղղութեամբ կը կատարուի տեխնիկական աշխատանք: Այս ամէնը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխութիւններուն վրայ, պիտի նպաստէ Հայաստանի դիմակայունութեան աճին, տնտեսական զարգացման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կապերու հաստատման, խաղաղութեան ու յարաբերութիւններու բնականացման: Յատկապէս վիզաներու ազատականացումը շատ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ մարդոց միջեւ կապերու զարգացման եւ հաստատման իմաստով»,- նշած է Մարակոս:
«ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութիւնը հիմնուած է ընդհանուր արժէքներու, խաղաղութեան հաստատման, Հայաստանի եւ տարածաշրջանի զարգացումն ու բարեկեցութիւնն ապահովելու համատեղ յանձնառութեան վրայ, ինչպէս նաեւ միտուած է միջազգային կարգ ու կանոնի հետ կապուած այն հիմունքներու վերականգնման, որոնք այսօր լուրջ հարուածներ կը կրեն»,- աւելցուցած է ան:
«Կարեւոր է ներգրաւել բոլոր առկայ միջոցները, որպէսզի կարողանանք իրականութիւն դարձնել եւ կեանքի կոչել այս տեսլականը: Անոր համար, գուցէ, տարիներ պահանջուին, բայց, երբ կայ յստակ տեսլական, միասին կը հասնինք յաջողութեան»,- ըսած է Մարակոս: