Օրերս, Պէզճեան Մայր վարժարանի Սանուց Միութիւնը Գումգաբուի մէջ կազմակերպած է «Շուրջպար» խորագրով ճաշկերոյթ մը, ուր ներկայացուած են հայկական ժողովրդական պարեր։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Պէզճեան Մայր վարժարանի Սանուց Միութիւնը Շաբաթ, 7 Փետրուարի իրիկունը, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքեց «Շուրջպար» կարգախօսով ճաշկերոյթ մը։
Այս հաճելի մէկտեղումէն առաջ, պարուսոյց Յակոբ-Արի Կիւլէչի ղեկավարութեամբ, չորս շաբաթ շարունակ, ամէն Չորեքշաբթի կազմակերպուած էին հայկական ժողովրդական պարերու աշխատանոցներ, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ու խանդավառութիւն ստեղծեցին։ Պարի փորձերը կատարուեցան Սանուց Միութեան նորոգուած շէնքին մէջ։ Դասընթացքի մասնակիցները իրենց սորված պարերը ներկայացուցին երեկոյթի ընթացքին։
Սանուց Միութեան նախաձեռնութեամբ այս հաւաքոյթը կերպով մը դարձաւ Բարեկենդանի ճաշկերոյթ։ Հրաւիրեալներն ու հիւրերը համախմբուեցան գեղեցիկ սեղաններու շուրջ։ Ճաշէն ետք անոնց մասնակցեցան շուրջպարերու, ապրեցնելով հայ ժողովուրդի եւ յատկապէս Սասունցիներու մշակութային արժէքները։
Սանուց Միութիւնը որու անդամներն են Եդուարդ Եըլտըրըմ (Ատենապետ), Մելինա Գույումճեան, Արթուն Քալք, Այլին Եարըճը, Արարատ Իչ, Գարին Տէմիր, Արշակ Պօլաք, Լենա Տէմիր, Կարպիս Գափ, Սինեմ Գափլան, Հերման Քըր, Երազ Պաղ, Սէրտար Զէնկիլ եւ Կանչ Պաղ, յայտնեցին որ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններով պիտի շարունակեն զօրացնել համայնքային ներքին կապերը եւ պահպանել ազգային-մշակութային արժէքները։
