Եւրոպական Յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնի հետ հիանալի հեռաձայնային զրոյց ունեցայ։ Այս մասին գրած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը։
«Եւրոպական Միութեան մինչեւ Յուլիս 4 ժամանակ կու տամ առեւտրային համաձայնութեան հասնելու համար։ Համբերութեամբ կը սպասեմ, որ Եւրոպական Միութիւնը կատարէ առեւտրային համաձայնագրով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները։ Հակառակ պարագային՝ մաքսատուրքերը շատ աւելի պիտի բարձրանան»,- գրած է ան։
Թրամփը նաեւ նշած է, որ քննարկած են Իրանի հարցը, եւ ինք շարունակած է պնդել, որ Իրանը չի կրնար միջուկային զէնք ունենալ։
Նշենք, որ 2025 թուականի Յուլիսին Ուաշինկթընն ու Պրիւքսէլը համաձայնութեան եկած էին, ի թիւս այլ հարցերու, ամերիկեան ապրանքներու անմաքս ներմուծման եւ ԱՄՆ-ի մէջ ներդրումներու աւելացման վերաբերեալ։ Սակայն Եւրոպական Միութիւնը տակաւին չէ ընդունած համապատասխան օրէնսդրութիւնը։ Թրամփը բազմիցս յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը չի կատարեր համաձայնագրին պայմանները, եւ անցեալ շաբաթ սպառնացած է որպէս հետեւանք եւրոպական մեքենաներուն վրայ 25% մաքսատուրք սահմանել։