Այս տարուան առաջին 7 ամիսներուն Հայաստանի մէջ գրանցուած է 20963 յանցագործութեան դէպք, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ աւել է 5237-ով կամ 33 տոկոսով:
Վիճակագրութեան կոմիտէէն կը տեղեկացնեն, որ մասնաւորապէս, անձի դէմ ուղղուած յանցագործութիւններն աճած են 1562-ով կամ 70 տոկոսով: Սպանութիւնները 33-էն դարձած են 163, աճը՝ շուրջ 5 անգամ:
Հասարակական անվտանգութեան, հասարակական կարգի եւ բնակչութեան առողջութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները աճած են 2669-ով կամ 81 տոկոսով:
Սեփականութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններն աճած են 444-ով կամ 5,5 տոկոսով:
Պետական իշխանութեան, ծառայութեան եւ կառավարման կարգի դէմ ուղղուած յանցագործութիւններն աճած են 234-ով կամ շուրջ 16 տոկոսով:
Իսկ յանցագործութիւններու ընդհանուր քանակէն` կաշառակերութեան կամ փտածութեան բնոյթի յանցագործութիւնները նուազած են 71-ով կամ 13 տոկոսով: