image

Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ Գանատայի դեսպանատունը

Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս բացուեցաւ Գանատայի դեսպանատունը

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի դեսպանատան բացման պաշտօնական արարողութիւնը։

Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, դեսպանատան բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցած է Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի մասնակցութեամբ։

Դեսպանատան բացման արարողութեան մասնակցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։