Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի դեսպանատան բացման պաշտօնական արարողութիւնը։
Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, դեսպանատան բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցած է Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի մասնակցութեամբ։
Դեսպանատան բացման արարողութեան մասնակցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։