Հայաստանի մէջ 30 օգոստոսի դրութեամբ գրանցուած է Արեւմտեան Նեղոսի տենդով վարակման 92 դէպք:
Այս մասին յայտնած են Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնէն։
Ըստ գերատեսչութեան՝ 17 դէպք գրանցուած է 24-30 օգոստոսի ժամանակամիջոցին:
Յիշեցնենք, որ 21 օգոստոսի դրութեամբ ՀՀ-ի մէջ յայտնաբերուած էր Արեւմտեան Նեղոսի տենդով վարակման 58 դէպք:
Արեւմտեան Նեղոսի տենդ հիւանդութեամբ Հայաստանի մէջ գրանցուած է 1 մահացութեան դէպք:
«Արեւմտեան Նեղոս»-ը կը փոխանցուի մոծակներու միջոցով, մարդէ մարդու չի փոխանցուիր, բայց կրնայ փոխանցուիլ արեան փոխներարկման, օրկաններու փոխպատուաստման միջոցով եւ մօրմէն երեխային ճանապարհով, յայտնած է ՀՀ ինֆեկցիոն (վարակիչ) հիւանդութիւններու ազգային կեդրոնը
Վտանգի խումբի մէջ են՝ տարեցները, սիրտ-անօթային համակարգի, ուռուցքային հիւանդութիւններու, շաքարախտի, քրոնիկական երիկամային խնդիրներ ունեցող անձեր: