Հայաստանի աշխատաշուկային մէջ կան շուրջ 9000 թոշակառուներ, որոնք 300 000 դրամ եւ աւելի աշխատավարձ կը ստանան։
2023 թուականն ամփոփող ասուլիսի ժամանակ տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեանը։
«Այս թիւը խօսում է բարձր արտադրողականութիւն ունեցող աշխատողների մասին, եւ մենք պէտք է ամէն ինչ անենք, որ նրանք մնան աշխատաշուկայում եւ արժէք աւելացնեն»,-ըսած է Մկրտչեանը։
Նախարարը նաեւ տեղեկացուցած է, որ յառաջիկային Ազգային Ժողովին պիտի ներկայացնեն կենսաթոշակային ապահովութեան ոլորտի օրէնսդրական փոփոխութիւններու մեծ փաթեթ, ըստ որու`այն թոշակառուները, որոնք կ՚ուզեն շարունակել իրենց աշխատանքը, պիտի կարողանան կամաւորութեան սկզբունքով, իրենց ուզած ժամկէտով յետաձգել կենսաթոշակի ստացումը`հետագային աւելի բարձր կենսաթոշակ ստանալու ակնկալիքով։
«300 000 դրամ աշխատավարձ ստացող կենսաթոշակառուի համար միգուցէ մեծ ազդեցութիւն չունենայ կենսաթոշակի գումարը, եւ յետոյ, երբ նա չի աշխատի, արդէն աւելի բարձր կենսաթոշակ կը ստանայ»,–ըսած է նախարարը։
Նշենք, որ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնն ընդլայնած է կենսաթոշակային տարիքի հասած քաղաքացիներու աշխատելու հնարաւորութիւնը։ Գերատեսչութիւնը փոփոխութիւններ կատարած է Աշխատանքային օրէնսգիրքին մէջ, եւ աշխատողի կենսաթոշակային տարիքի լրանալը գործատուի համար անոր աշխատանքէն ազատելու հիմք չէ։