image

Հայաստանի մէջ կարմրուկով վարակուածներու թիւը հասաւ 39-ի

Հայաստանի մէջ կարմրուկով վարակուածներու թիւը հասաւ 39-ի

8 Մարտի ժամը 10:00-ի դրութեամբ` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կարմրուկի տարրալուծարանով հաստատուած դէպքերու թիւը հասած է 39-ի։ Անոնցմէ 18-ը հիւանդանոց փոխադրուած է, 14-ը ոչ, իսկ 7-ը՝ դուրս գրուած է: Այս մասին հաղորդած է առողջապահութեան նախարարութիւնը:

Հիւանդներու առողջական վիճակը կը գնահատուի միջին ծանր, 2-ինը՝ ծանր:

39 վարակուածէն 36-ը պատուաստուած չէ, 3-ը պատուաստուած է մէկ դեղաչափով:

Յիշեցնենք, որ պատուաստումներու ազգային օրացոյցով կարմրուկի դէմ պատուաստումները նախատեսուած են 1 եւ 4-6 տարեկան երեխաներու համար:

Կարմրուկի դէմ ծրագրային պատուաստումներ չստացած երեխաներու ծնողները կը յորդորենք դիմել հաշուառման դարմանատուն եւ պատուաստել երեխաները:

Միեւնոյն ժամանակ, պատուաստման ենթակայ են նաեւ կարմրուկով հիւանդներու հետ շփուած այն անձերը, որոնք չունին կարմրուկի դէմ 2 դեղաչափ պատուաստում: