image

Հայաստանի մէջ ձերբակալուած է ատրպէյճանցի զինծառայող, եւս մէկը կ'որոնուի․ Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Հայաստանի մէջ ձերբակալուած է ատրպէյճանցի զինծառայող, եւս մէկը կ'որոնուի․ Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Ապրիլի 10-ին՝ ժամը 01:00-02:00-ը ինկած ժամանակահատուածին, ՀՀ տարածքին մէջ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու զինծառայող:

Այս մասին յայտնած են Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Նշուած է, որ ըստ անոր խօսքի՝ իր հետ եղած է եւս մէկ զինծառայող, որու որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին:

Աւելի վաղ Ատրպէյճանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը յայտնած էր, որ Նախիջեւանի սահմանային շրջանին մէջ անբարենպաստ եղանակային պայմաններու պատճառով, սահմանափակ տեսանելիութեան պայմաններու մէջ ատրպէյճանական բանակի երկու զինծառայող մոլորուած եւ անհետ կորսուած է:

Aravot.am-ի տեղեկութիւններով՝ երէկ ուշ գիշեր Սիսիանի բնակավայրերէն մէկուն մէջ ատրպէյճանցի յայտնուած է, որ բնակիչներէն մէկու տուն մտած է, խօսած է հայերէն։ Բնակիչը կասկածած է, եւ ատրպէյճանցին փախուստի դիմած է։ Եղած է զինուորականի հագուստով։ Մէկ այլ բնակավայրի մէջ անոր բռնած են, եւ ատրպէյճանցին հիմա իրաւապահներու մօտ է։ Ըստ շրջանառուող լուրերու՝ ան պարզաբանած է, թէ տարածքը շփոթած է ու յայտնուած է հայկական կողմը։